Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

Արցախը` Պատուար Նոր Ցեղասպանութիւններու Դէմ

Ցուցապաստառներով, ծաղիկներով եւ ծաղկեպսակներով` Ստեփանակերտի փողոցներով մարդոց հոսքը դէպի Յուշահամալիր կը ձգուի, դէպի Զանգակատուն: Արդէն 4 տարի է, ինչ Ստեփանակերտի յուշահամալիրի մէջ վեր կը խոյանայ զանգակատուն յուշարձանը: 18 մեթրանոց յուշարձանի հիմքին մէջ նահատակներու մասունքներն են՝ բերուած Տէր-Զօրէն, գագաթին՝ խաչն է, որպէս փրկութեան ու յոյսի խորհրդանիշ: 2015-էն ի վեր, Ապրիլ 24-ին  ճիշտ այստեղ կու գան հազարաւոր մարդիկ՝ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Նահատակներու մասունքները ապակիով ծածկուած են: Յուշարձանը վերջնական տեսքին հասցնելու համար դեռ կը սպասեն: «Մտայղացումը այն է, որ երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերջնականապէս ճանչցուի, այն ժամանակ ալ ապակիները կը հանենք եւ մասունքները հողով կը ծածկենք»,- կը պատմէ ճարտարապետ, Զանգակատուն յուշարձանի հեղինակ Վլատիմիր Սարգսեան: Մասունքները այս տարի ալ մնացին ապակիով ծածկուած: Անցած տարի տեղաշարժ եղաւ, բայց դեռ ցանկալի հանգրուանին չէ հասցուած Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը: Յուշահամալիրի եկած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ:

Ապրիլ 24-ի առիթով ուղերձ յղած է Արցախի նախագահը: «Այս օրը մենք բոլորս միասին ենք՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, միասին ենք հոգիով ու մտքով, բոլորս ծաղիկ կը խոնարհենք մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, բոլորիս սիրտը կը մղկտայ նոյն ցաւէն ու ցասումէն: Միասնութիւնը մեզ կը դարձնէ աւելի զօրեղ ու հաստատակամ, տոկուն ու անսասան՝ Հայրենիքը զօրացնելու ու զարգացնելու, հայոց անկախ պետականութիւնը ամրապնդելու ճանապարհին: Սա է մեր ժողովուրդի պայծառ ու լուսաւոր ապագայի գրաւականը, սա է մեր պատասխանը ցեղասպանութիւններուն»,- մասնաւորապէս ըսուած է Արցախի նախագահի` Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի առթիւ տարածուած ուղերձի մէջ:

            Ցեղասպանութեան դրսեւորումները Արցախի մէջ արձանագրուած են դեռ 1919-20 թ., 1988-1990 թուականներուն՝ Սումգայիթի, Պաքուի ջարդերը, Մարաղայի կոտորածները ապացուցեցին՝ ոչինչ չէ փոխուած: «Եւ վերջին դէպքերն ալ արդէն 2016-ի Ապրիլեան պատերազմն էր, որուն ժամանակ կրկին տեսանք, որ հայութեան հանդէպ ատելութիւնը իրենց հասարակութեան մտածելակերպի մէջ է եւ այդ ատելութիւնը յարմար պահուն կրնայ վերածուիլ ցեղասպանական գործողութիւններու»,- կը յիշեցնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան:

Արցախի ազատագրական պայքարը պայքար էր՝ ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կանխելու համար: Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան փաստարկներու շարքին այս թեզը առաւել ամրապնդուած է վերջին տարիներուն: «90-ականներու ազատամարտը, 2016-ի Ապրիլի մեր պայքարը, կու գան ապացուցելու, որ ցեղասպանութեան վտանգ այս տարածաշրջանի մէջ եւ հայութեան դէմ ի սպառ վերացուած չէ»,- կ’ընդգծէ Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Արցախի զինուորականներու համար Ապրիլ 24-ի խորհուրդը նոյն այդ մարտահրաւէրէն  կը բխի: Անվտանգութեան ապահովումը կը մնայ ոչ թէ առաջնահերթ, այլ կենսական խնդիր: «Մենք կոչուած ենք ապահովելու մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Ընել ամէն ինչ, որ նման ցեղասպանական ծրագրիր ի սպառ կեանքի չկոչուին: Ազգը ըլլայ անվտանգ: Պաշտպանենք ժողովուրդի անվտանգութիւնը, սահմաններու անառիկութիւնը»,- օրուան խորհուրդը կ’ամբողջացնէ Ք. Իւանեանի անուան ռազմա-մարզական վարժարանի պետի տեղակալ Հրայր Պաղտասարեան:

Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու ոգեկոչման կարգ կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասակցութեամբ: Հոգեւոր առաջնորդի յորդորն է՝ զգօնութիւնը պահել, բայց ան նաեւ կը հաւատայ՝ մեղաւորները ի վերջոյ կ’ապաշխարին: «Մեր գործը սիրոյ գործ է, արդար գործ է: Մենք չարութիւն չենք ըներ, արդարութիւն կը պահանջենք: Միեւնոյնն է, ուշ թէ շուտ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ»,- անպատիժ յանցագործութենէն 104 տարի անց ալ լաւատես կը մնայ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:

Մարաղայի Կոտորածէն 27 Տարի Անցած Է. Մեղաւորները Դեռ Անպատիժ Են

27 տարի առաջ, 1992 թուականի Ապրիլ 10-ին Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակի կողմէն իրականացուեցաւ Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղի հայ բնակչութեան կոտորածը՝ Մարտակերտի շրջանի   Մարաղա   գիւղին մէջ։  Զոհուած   է   մօտ   հինգ   տասնեակ   հայ   բնակիչ,   ողջ   մնացած մարաղացիները ցրուած էին տարբեր բնակավայրեր: Հրադադարի հաստատումէն ետք Մարաղան մնաց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Մարաղացիներու մէկ մասը վերադարձաւ եւ սահմանէն ու հին Մարաղայէն ոչ հեռու Նոր Մարաղան հիմնադրեցին: Ամէն տարուայ պէս՝ այս տարի ալ 1992-ի Ապրիլ 10-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպուած է Մարաղայի մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ներկայացուցիչները:

Արդէն 25 տարի է՝ Ապրիլ 10-ին մարդաշատ կը դառնայ Նոր Մարաղայի գլխաւոր հրապարակը: Գիւղի բնակիչներն ու հիւրերը կը հաւաքուին՝ յարգելու 1992-ի Ապրիլ 10-ին ցեղասպանուած համագիւղացիներու յիշատակը:

Անգամ 27 տարի անց՝ 1992- ապրիլեան դժոխքի ականատեսները բառեր չեն գտներ տեսածն ու   ապրածը   նկարագրելու   համար:   Նախորդ   օրերու   հրետակոծութիւններու   պատճառով՝ բնակիչներու մեծ մասը դուրս ելած էր Մարաղայէն: Ապրիլ 10-ի հրետակոծութիւնն ալ պակասը լրացուց: Գիւղի մէջ մնացին միայն անոնք, ովքեր անկարող էին հեռանալ: Անոնք ալ դարձան   ատրպէյճանցիներու վայրագութիւններու զոհերը: Ատրպէյճանական   ուժերը Մարաղայի մէջ   մի   քանի   ժամ  մնացած են: Ապրիլ 11-ին գիւղը ազատագրուած էր, գիւղացիները վերադարձան՝  կորսուած   հարազատները   գտնելու:   Տեսածը   զարհուրելի   էր,- «Ճանապարհին Ալիկի դիակը տեսայ՝ ճակատին կրակած: Վարդանեան Պորիկի գլուխը չկար: Ինքն ալ վառած: Կօշիկներով ճանչցայ: Դէոտ Զապէլան՝  թանկի տակ ճլխած էր»,- կը յիշէ Մարաղայի բնակիչներէն Ժաննա Պետրոսեանը:  «Դուրս եկայ տեսայ  արիւնը լճածաց: Մարդոց գլուխը կտրած: Արցունք մը չենք կրցած թափել: Քարացած էինք»,- 27 տարի անց ալ տեսածը առանց սարսափի չի կրնար յիշել Էլիզա Պօղոսեանը:

1992-ի Ապրիլ 10-ին Մարաղայի հայ բնակիչներէն 50 հոգի   դաժանաբար սպաննուեցան, անոնց շարքին՝ 30 կին, իսկ միւսները՝ 29 կին եւ 9 երեխայ, պատանդ վերցուցած են: 19 հոգիի  ճակատագիրը առայսօր անյայտ է: Անոնց յիշատակին  նուիրուած ձեռնարկներուն նաեւ   Արցախի  համալսարաններու ուսանողներ մասնակցած են, երիտասարդական կազմակերպութիւններու   ներկայացուցիչներ: Մարաղա գալու   նպատակն ալ կարճ կը բնութագրեն.   «Եկած ենք աշխարհին   ապացուցելու, որ այստեղ ցեղասպանութիւն եղած է»,- կ’ընդգծէ Ստեփանակերտի Գր. Նարեկացի   համալսարանի   ուսանող   Անժելինա Առստամեան: Այս   գնահատականը   Քերոլայն   Քոքսը   դեռ   1992-ին տուած էր: Մարաղայի ողբերգութեան հերթական տարելիցին յայտարարութիւններ տարածած են Արցախի արտաքին գործերու նախարարութիւնն ու Մարդու  իրաւունքներու պաշտպանը: Արցախի մէջ միջազգային հանրութեան գնահատականը կ’ակնկալեն: Առայժմ, Մարաղայի ողբերգութիւնը իւրովի գնահատած է միայն   Ատրպէյճանը:   Կոտորածը   իրականացուցած   «Գուրթուլուշ»   գումարտակի հրամանատար Շահին Թալիպ օղլի Թակիեւը ստացած է «Ատրպէյճանի Ազգային Հերոս» կոչում։

1994թ., երբ հրադադար հաստատուեցաւ, Մարաղան մնաց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Առ այսօր ալ Մարաղան կը մնայ սահմանի միւս կողմը: 1994-95 թուականներուն Մարաղայի խումբ մը բնակիչներ սահմանի հարեւանութեամբ Նոր Մարաղա բնակավայրը հիմնադրեցին: Սակայն այնտեղ Մարաղայի ոչ բոլոր բնակիչներն են հաւաքուած: Եթէ ժամանակին Մարաղայի մէջ աւելի քան 4000 հայ կ’ապրէր, ապա Նոր Մարաղան այսօր մօտ 450 բնակիչ ունի:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին