Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հայերու Տեղահանութիւնը Ոչ Ցեղասպանութիւն Էր, Ոչ Ալ Մեծ Աղէտ. Էրտողան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում  կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) ժողովին ժամանակ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ ներկայացնելով արխիւները բանալու թրքական հերթական կոչերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazeteguncel-ը։

«Հայերու տեղահանութիւնը ոչ ցեղասպանութիւն էր, ոչ ալ մեծ աղէտ։ Անիկա սոսկ ցաւալի իրադարձութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցած է մէկ դար առաջ շատ ծանր պայմաններուն մէջ»,- յայտարարած է Էրտողանը, ապա անդրադարձած Թուրքիան մեղադրողներուն:

«Թուրքիան մեղադրողներուն յիշեցնենք, որ անոնք պատասխանատու են 1-ին եւ 2-րդ համաշխարհային պատերազմներուն զոհուած 70 միլիոն մարդոց համար։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը պէտք է լաւ գիտնայ ատիկա։ Պարոն Մաքրոն, Ֆրանսայի մէջ ապրող շուրջ 700 հազար հայերուն ուղերձ յղելը բնաւ պիտի չփրկէ քեզ։ Քաղաքականութեան մէջ նախ սորվիր ազնիւ ըլլալ»,- յորդորած է Թուրքիոյ նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ին Էրտողանը յայտարարած էր, որ հայերու տեղահանութիւնը ամենաողջամիտ որոշումը եղած է այդ ժամանակաշրջանին համար։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած են Թուրքիոյ նախագահի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին