Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Կ՛արժեւորէ Փորթուկալի Խորհրդարանին Արտայայտած Դիրքորոշումը․ ԱԳՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Հայաստան կ՛արժեւորէ Փորթուկալի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արտայայտուած դիրքորոշումը եւ երախտապարտ է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն հասցէագրուող ցաւակցութիւններուն համար»,-ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Համաձայն ենք, որ յիշողութիւնը ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարրն է»:

Փորթուկալի խորհրդարանը Ապրիլ 26-ին ընդունած է բանաձեւ` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 1915֊ի Ապրիլ 24֊ին երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով բանտարկուած, ապա սպաննուած են շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ հասարակական առաջնորդներ: Կ՛արձանագրուի, որ 800 հազարէն մինչեւ 1.5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան զոհ դարձած են:

«Օսմանեան իշխանութեան կողմէ հայերու համակարգուած բնաջնջումը պատմաբաններու, միջազգային հանրութեան կողմէ կը համարուի 20֊րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին