Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օրուան Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Այսօր համայն հայ ժողովուրդը` առաջադէմ մարդկութեան հետ, աշխարհի բոլոր մայրցամաքներո վրայ կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Ապրիլ 24-ը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի օրն է, իրենց պատմական բնօրրանին մէջ բռնութիւններու ենթարկուած եւ հայրենի հողէն տեղահանուած մեր բազմաթիւ հայրենակիցներու ողբերգութիւնը վերստին յիշելու, մեր կորսնցուցած հոգեւոր, նիւթական ու մշակութային արժէքներու մասին յիշեցնելու, մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան` ցեղասպանութեան մասին աշխարհին եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելու, սթափութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կոչելու օրը:

Ապրիլ 24-ը մեզի համար խնկարկումի, բայց նաեւ յարութեան օր է:

Հայոց Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը դուռ բացաւ մարդկութեան դէմ յետագայ ծանր յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու առջեւ: Յիշենք Հոլոքոստը, Քամպոջան, Ռուանտան եւ միւս ողբերգութիւնները:

Այն զգօնութեան դաս պէտք է ըլլայ բոլորին համար: Մարդկութեան դէմ գործուած այդ ահաւոր ոճրին միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր քայլ պէտք է դառնայ անոր կրկնութիւնը աշխարհի որեւէ տեղ բացառելու նպատակով:

Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր այն պետութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն, մշակութային, ակադեմիական եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն, անհատներուն, որոնք իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին եւ կը ճանչնան ու կը դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այսօր գլուխ խոնարհելով սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ` միեւնոյն ժամանակ մենք կը վկայենք վերապրելու եւ մեր Հայրենիքը վերակերտելու աննկուն կամքը:

Վերապրողներու ժառանգներուս պարտքն է համախմբուիլ մեր ազգային իղձերուն շուրջ, հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան ու արժէքներուն, խթանել ժողովուրդի ստեղծարար ուժերը, կերտել զարգացող ժամանակակից Հայաստան, որ հպարտութեան առարկայ ըլլայ աշխարհի բոլոր հայերուն համար եւ ունակ` պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անանց իրաւունքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին