Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

1915-ին Տեղի Ունեցածը 20-րդ Դարու Խոշորագոյն Վայրագութիւններէն է. Լին Թրէյսի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի ժխտեր պատմական իրողութիւնը եւ այն, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու խոշորագոյն վայրագութիւններէն մէկն է: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:

«Միացեալ Նահանգները այս պատմական դէպքերը, պատմական իրողութիւնը չի ժխտեր եւ այն, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին,  20-րդ դարու խոշորագոյն վայրագութիւններէն մէկն է: Մեզի կը շարունակէ ոգեւորել այն տոկունութիւնը, որ մենք կը տեսնենք հայ ժողովուրդին մէջ»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է դեսպանը:

Լին Թրէյսին ընդգծած է, որ ԱՄՆ երախտապարտ է բոլոր այն ամերիկահայերուն, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու կեանքին մէջ:  «Այսօր յիշատակի օր է, եւ մենք կարեւոր կը համարենք նաեւ այն, որ պէտք է ներշնչուինք  հայ ժողովուրդի խիզախ զաւակներով, որոնք կրցան շարունակել իրենց կեանքը»,- նշած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին