ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Էրեբունի օդակայանի մէջ ռուսական 3624-րդ օդային ռազմակայանին 4++ սերունդի Սու-30սմ բազմանպատակ կործանիչներ կը մատակարարեն ներկայիս սպառազինութեան մէջ առկայ Միգ-29 ինքնաթիռներու փոխարինման համար: Ընդամէնը կը ծրագրուի մատակարարել 18 մեքենայ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը, Ապրիլ 23-ին ԹԱՍՍ-ին յայտնած Է Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան աղբիւր մը:
«Օդային ռազմակայանի վերազինումը Սու-30սմ-ներով կը ծրագրուի սկսիլ յաջորդ տարի: Ինքնաթիռները կը հասնին երկու հանգրուանով՝ 2020 – 2021 թուականներուն: Կը ծրագրուի Սու-30սմ-ներով փոխարինել բոլոր 18 Միգ-29 ինքնաթիռները, զորս ներկայիս կ’օգտագործեն օդային ռազմակայանի օդաչուները»,- ըսած Է գործակալութեան զրուցակիցը: Անոր խօսքով՝ ինքնաթիռներու հաւաքակազմի նորացումը կը ծրագրուի իրականացնել երկու փուլով, որպէսզի չդադրեցուի օդային ռազմակայանին կողմէ առաջադրանքներուն կատարումը, քանի որ օդաչուական անձնակազմը պէտք Է հետեւի նոր մեքենաներու վերաուսուցման ծրագրին: «Երբ ինքնաթիռները սկսին հասնիլ, օդաչուական կազմի մէկ մասը վերաուսուցման պիտի ուղարկուի Lipetsk օդագնացութեան կեդրոն, միւս մասը պիտի շարունակէ ծառայութիւնը Էրեբունիի օդային ռազմակայանին մէջ»,- ճշտած Է աղբիւրը:






