Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Սրի Լանքայի Բնակիչները Երեք Րոպէ Լռութեամբ Յարգեցին Ահաբեկչական Գործողութիւններու Զոհերուն Յիշատակը

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Սրի Լանքայի բնակիչները Ապրիլ 23-ի առաւօտեան երեք րոպէ լռութեամբ յարգած են Ապրիլ 21-ին իրականացուած պայթիւններու զոհերու յիշատակը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած Է Ada Derana տեղական լրատուական գործակալութիւնը:

Յիշատակի նախաձեռնութիւնը սկսած Է Ապրիլ 23-ի ժամը 8:30-ին (Երեւանի ժամանակով 7:10-ին): Սուգի ազգային օրուան համար իշխանութիւնները խնդրած են բնակիչներուն ճերմակ դրօշակներ կախել տուներուն կից: Ապրիլ 21-ին Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցած է ահաբեկչական գործողութիւններու՝ երկրի պատմութեան մէջ ամենախոշոր շարքը, որոնց հետեւանքով, ըստ վերջին տուեալներու, զոհուած Է 290 մարդ, անոնց մէջ կայ աւելի քան 30 օտարերկրացի: Ընդհանուր առմամբ, Քոլոմպօ, Նեկոմպօ եւ Պադիգալոա քաղաքներու մէջ որոտացած Է ութ պայթիւն, որոնց շարքին են զատկի արարողութիւններու ընթացքին կաթոլիկ եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ հիւրանոցներու մէջ եղած պայթիւնները:

Սրի Լանքայի նախագահ Մայթրիփալա Սիրիսենան յայտարարած Է Ապրիլ 23-էն երկրի տարածքին արտակարգ դրութեան կարգավիճակ սահմանելու որոշման մասին: Նաեւ, ինչպէս կը գրէ Daily Mirror թերթը՝ վկայակոչելով նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը որոշում ընդունուած է ընդլայնելու ուժային կառոյցներու լիազօրութիւնները՝ հասարակական անվտանգութիւն ապահովելու համար: Աւելի վաղ Adaderana նորութիւններու գործակալութիւնը յայտնած Է, որ Սրի Լանքայի զինուած ուժերը յայտարարած են շուրջ հազար զինծառայողներ Քոլոմպօ ուղարկելու մասին՝ տեղի ունեցած պայթիւններու կապակցութեամբ իրաւակարգի ապահովման համար: Երկրի կառավարութիւնը տեղի ոստիկանութեան կեդրոնակայանի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի մէջ պիտի բանայ գործնական հակազդման եւ յատուկ գործողութիւններու նախապատրաստման կեդրոններ, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսթին:

Նշենք, որ Ապրիլ 21-ին Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցած է ահաբեկչական գործողութիւններու՝ երկրի պատմութեան մէջ ամենախոշոր շարքը, որոնց հետեւանքով, ըստ վերջին տուեալներու, զոհուած Է 290 մարդ, անոնց մէջ կայ աւելի քան 30 օտարերկրացի: Ընդհանուր առմամբ, Քոլոմպօ, Նեկոմպօ եւ Պադիգալոա քաղաքներու մէջ որոտացած Է ութ պայթիւն, որոնց շարքին են զատկի արարողութիւններու ընթացքին կաթոլիկ եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ հիւրանոցներու մէջ եղած պայթիւնները, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին