Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Ռուսական Օդային Ռազմակայանը Կը Վերազինեն Սու-30սմ Կործանիչներով. Աղբիւր

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Էրեբունի օդակայանի մէջ ռուսական 3624-րդ օդային ռազմակայանին 4++ սերունդի Սու-30սմ բազմանպատակ կործանիչներ կը մատակարարեն ներկայիս սպառազինութեան մէջ առկայ Միգ-29 ինքնաթիռներու փոխարինման համար: Ընդամէնը կը ծրագրուի մատակարարել 18 մեքենայ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը, Ապրիլ 23-ին ԹԱՍՍ-ին յայտնած Է Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան աղբիւր մը:

«Օդային ռազմակայանի վերազինումը Սու-30սմ-ներով կը ծրագրուի սկսիլ յաջորդ տարի: Ինքնաթիռները կը հասնին երկու հանգրուանով՝ 2020 – 2021 թուականներուն: Կը ծրագրուի Սու-30սմ-ներով փոխարինել բոլոր 18 Միգ-29 ինքնաթիռները, զորս ներկայիս կ’օգտագործեն օդային ռազմակայանի օդաչուները»,- ըսած Է գործակալութեան զրուցակիցը: Անոր խօսքով՝ ինքնաթիռներու հաւաքակազմի նորացումը կը ծրագրուի իրականացնել երկու փուլով, որպէսզի չդադրեցուի օդային ռազմակայանին կողմէ առաջադրանքներուն կատարումը, քանի որ օդաչուական անձնակազմը պէտք Է հետեւի նոր մեքենաներու վերաուսուցման ծրագրին: «Երբ ինքնաթիռները սկսին հասնիլ, օդաչուական կազմի մէկ մասը վերաուսուցման պիտի ուղարկուի  Lipetsk օդագնացութեան կեդրոն, միւս մասը պիտի շարունակէ ծառայութիւնը Էրեբունիի օդային ռազմակայանին մէջ»,- ճշտած Է աղբիւրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին