Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

Մեր Յարութեան Արգելք Քարը Գլորուած Է

 Մէկշաբթի առտու շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր,                  

 (կիները) գերեզմանը գացին ու իրարու կ’ըսէին.

  «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի համար՝ գերեզմանին դռնէն»,

   (ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր,)

 վասնզի շատ մեծ էր:

  Մարկ. 16.2-4

 

Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ մահուան իրականութեան հետ հաշտուած՝ խեղճ կիները մտահոգ էին թէ արդեօք ի՛նչպէս պիտի կարենային յաղթահարել Անոր գերեզմանը ծածկող քարին իրականութիւնը. ոչ մէկ խօսք կամ յոյս կար Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան:  Յաճախ անյոյս կ’ըլլանք մեր վիճակներուն մէջ՝ երբ մտաբերենք մեր դժուարութիւնները եւ անոնց «մեծ» ըլլալը, մոռնալով որ մեր տեսածներէն անդին՝ կայ այլ միջոց մը որ մեզ կրնայ ազատել տեսանելի դժուարութենէն եւ նոյնիսկ՝ կրնայ լուծել մահուան չափ իրական վիճակներ:  Մատթէոս Աւետարանիչ կը ներկայացնէ «քար»ին գլորուիլը ըսելով՝ «Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջ հրեշտակը երկինքէն իջնելով գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ» (Մատթ. 28.2):

Դժուարութիւններ եւ անյոյս վիճակներ կը շրջապատեն մեզ, որոնց մէջ մենք կրնանք յուսահատիլ, կամ՝ պայքարիլ, կամ՝ ենթարկուիլ, կամ՝ հաշտուիլ կացութեան հետ:  Ինչ որ չենք ըներ, սակայն, պահելն է յոյսը, որ մեր տեսածէն, գիտցածէն, երեւակայածէն եւ ծրագրածէն անդին՝ կայ միջոց եւ կան լուծումներ, որոնց ընդմէջէն մենք հաղորդ կը դառնանք էականին, որ մեզ կ’ազատէ երկրորդականին ենթակայութենէն: 

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը էականն է, որ «քար»ին իրականութենէն անդին՝ կիները վախցուց-մտահոգեց, զարմացուց-ապշեցուց, ուախացուց-յուսադրեց եւ քաջալերեց-գործի մղեց:  Այսօր եւս՝ մարդիկ անհաւատալի, անիրապաշտ, աւելորդապաշտ եւ ցնորական կը սեպեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան հաւատքը, սակայն կը մոռնան որ անոր ազդեցութիւնը պատմական իրականութիւն եղաւ, ոչ միայն գերեզմանը գացող եւ «քար»ով մտահոգուած կիներուն համար, այլ՝ նաեւ Յարուցեալին աշակերտներուն եւ յետոյ՝ ամբողջ աշխարհին համար:  Անտրամաբանականը միշտ ալ նկատուած է «աւելորդապաշտութիւն». սակայն իրական է նաեւ այն՝ թէ տրամաբանականը միշտ ալ կը սահմանափակէ մարդ արարածին կարողութիւնները եւ զանիկա կը յուսալքէ:  Իսկ, յուսալքուած մարդն է որ շատ դիւրաւ եւ շատ արագ կը վերածուի հլու ստրուկի եւ անկամք գործիքի:

Դիտեցէք այսօրուա՛ն մեր կեանքին եւ պատմութեան բեմը. քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մարդկայնական ո՞ր մարզը յուսադրիչ է:  Ոչ մէկը:  Ամէն բան կարծես մեզի կ’ըսէ թէ այլ կարելիութիւն չկայ, բայց միայն՝ ենթարկուիլը, հաշտուիլը՝ նոյնիսկ ապաբարոյ եւ անբարոյ իրականութիւններուն հետ, վստահիլը՝ անվստահելիին…:  Առաւելագոյնին մէջ՝ կրնայ մեզմէ մէկը կամ միւսը փախչիլ այս կացութենէն, խուսանաւել իրականութիւններուն յորձանքին մէջ կամ՝ …ինքնասպան ըլլալ, չենթարկուելու համար:  Միւս կողմէ՝ կառավարութիւններ, իշխանութիւններ, խմբակցութիւններ եւ անոնց գաղափարախօսութիւնները կը շարունակեն զօրանալ, հարստանալ, հաստատուիլ եւ «մեծ»նալ անիրաւութեամբ, կեղեքումով, կեղծիքով եւ ամէն բան հակակշիռի տակ առնելով: 

Քանի մը օրէն՝ դարձեալ պիտի յիշատակենք մեր ազգին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը:  Ի’նչ պիտի ընենք. պիտի ողբա՞նք մեր կորուստները, թէ՝ պիտի տօնենք մեր վերապրումը:  Եւ եթէ իրական ե՛ն մեր դժուարութիւնները՝ պիտի ընկրկի՞նք եւ յանձնուի՞նք անոնց հոսանքին, թէ՝ նոր յոյսով պիտի նայինք մեր կեանքին եւ աշխարհին:  Դժուարութիւնները իրական են, այո, սակայն իրական է նաեւ որ անոնք ոչինչ են՝ բաղդատած Ցեղասպանութեան ստեղծած դժուարութիւններուն, որոնցմէ «յարութիւն» առինք մենք ազգովին:  Չմոռնանք:

Աւելորդ եւ անիրատես կը թուէր այն ժամանակ, որ Հայը գոյատեւէր:  Սակայն գլորուեցաւ «քար»ը. հրեշտակով ըլլայ, արիւնով, քրտինքով, թաւշեայ յեղափոխութիւնով թէ խաղաղութեամբ՝ պիտի գլորուի ամէն բան որ կը փորձէ անյոյս դարձնել մեզ, քանի որ մենք միայն տրամաբանականին չենք նայիր, այլ անկէ անդին՝ Յարուցեալին:  Թող անիրապաշտ կամ աւելորդապաշտ սեպեն մեզ անոնք, որոնք կը փորձեն մեզ հաշտեցնել ստրկացնող եւ յուսալքող իրականութիւններու հետ:  Մենք յոյսո՛վ կը նայինք կեանքին՝ անգամ մահէն ալ անդին: 

Եւ՝ կեանքի յոյսն ու անոր արդիւնքները կեանքին չափ իրական են:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

Նախագահ, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան

Պէյրութ, Ապրիլ 2019

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին