Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Բաց նամակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պրն. Նախագահ,

Ահա դարձեալ Ապրիլ 24։ Դարձեալ Ցեղասպանութեան յիշատակումներ ու բողոքի ցոյցեր, որոնք որպէս աչքի փուշ ամէն տարի կու գան ցցուիլ ձեր դիմաց ու կը հարկադրեն ձեզ, որ դարձեալ մէջտեղ բերենք ձեր հին ու նոր շինծու փաստարկները, դրժելու եւ ուրանալու ձեր գործած ահաւոր ոճիրը։

Թէեւ տարուէ տարի կ՚ուզէք տեսնել Ցեղասպանութեան այս յիշատակումները քիչ մը աւելի նուազած եւ քիչ մը աւելի թափէ ինկած վիճակով, այն յոյսով որ օր մը զայն պիտի տեսնէք բոլորովին մոռցուած ու դադրած՝ սակայն ընդհակառակը, զայն կը գտնէք ամէն տարի քիչ մը աւելի շեշտուած, ինչ որ անելանելի վիճակ մը կը ստեղծէ ձեզի համար։

Եւ ահա ձեր ամբողջ ջանքն ու ճիգը ի գործ կը դնէք. ձեր ամբողջ ուժը կը վատնէք կարենալ համոզելու աշխարհը ձեր պետական տեսակէտի պնդումներով, բայց իզուր։

Օտար պատմաբաններ կը վարձէք, որ կաշառքի ուժով պաշտպանեն ձեր պետական տեսակէտը։

Գործի կը լծէք ձեր համալսարաններու դասախօսներն ու տնօրէնները, որ նոր-նոր գիտաժողովներ կազմակերպեն եւ նոր-նոր խեղաթիւրուած պատմութիւններ հնարեն, ինքնարդարացման ինքնախաբէութեամբ։

Գործի կը մղէք ձեր ազգայնապաշտ փրոֆեսորները, որ ինքնարդարացման նոր սուտերով պատմութիւնը կեղծեն։

Գործի կը լծէք ձեր պատմութեան կաճառի ամբողջ կազմը, որ պատմութեան ճշմարտութիւնները նենգափոխելով, զայն ներկայացնեն 180 աստիճան յեղաշրջուած ձեւով։

Սակայն, ձեր այս բոլոր ջանքերը արդիւնք չեն տար, անոր համար որ անոնք բոլորն ալ հիմնուած են սուտի ու կեղծիքի վրայ միայն։

Սուտեր, այնքան ծիծաղելի ու ամօթալի, որ կը տարուինք մտածելու, թէ ի՞նչ նկարագրի տէր մարդիկ եղած պէտք է ըլլան այդ փրոֆեսոր կամ պատմաբան կոչուած անձերը, որ գիտնալով հանդերձ իրենց արտայայտած խօսքերուն 100 տոկոս սուտ եղած ըլլալը, տակաւին ներկայացնեն զանոնք որպէս ճշմարտութիւն։

Սակայն, ինչպէս կ՚ըսեն «լեզուն ոսկոր չունի», որովհետեւ կրնայ դառնալ որեւէ կողմ, իր ուզածին պէս։ Հարց է սակայն, եթէ երբեք լեզուն ոսկոր չունի, մարդ արարածն ալ երբեք մարդկայնութեան գիտակցութիւն (ինսանէթ պիլկիսի) չունի՞, որ կրնայ  դարձնել ինքզինք տեղւոյն համեմատ անոսկոր լեզուի նման իր ուզած կողմը, լաւէն դէպի վատ, կամ ճշմարտութենէ դէպի ստախօսութիւն։

Որեւէ անհատ անկախ իր ունեցած տիտղոսներէն, կը պահանջուի նախ եւ առաջ մարդկայնութեան գիտակցութիւն, հանրութեան ներկայանալ որպէս «մարդ»՝ փրոֆեսոր կամ պատմաբան ներկայանալէ առաջ։

Ձեր փրոֆեսորները հանրութեան կը ներկայանան այնպիսի ստախօսութիւններով, որոնք չեն ալ քօղարկուիր, քանի որ օդային խօսքը զուրկ է հիմքէ։

Պրն. նախագահ, եթէ երբեք փոքրիկ ակնարկ մը նետենք անցեալին վրայ, հոն կը գտնենք այնպիսի պատմական իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ հերքել կամ ուրանալ։

Ահաւասիկ մի քանի օրինակներ.

«…Ասկէ 100 տարի առաջ Իթթիհատական կուսակցութիւնը ամբողջ Անատոլիան մահմետականացնելու եւ թրքացնելու քաղաքականութեամբ մը, այդ հողերուն վրայէն մերթ արտաքսումով կամ աքսորով, մերթ տեղահանութեան ու սպանդներու միջոցով, ուզեց անհետացնել ոչ-իսլամները, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդը։

…Անկէ յետոյ ալ ողբերգութեան հետեւանքներէն փրկուելու համար, ձեւաւորուեցաւ ուրացումի քաղաքականութիւն մը։ Սեղանին վրայ կեղծ պատմութիւն մը գրի առնուեցաւ։ Կարգ մը հայերու, հրոսակախումբերուն կողմէ կատարուած մանր-մունր գործողութիւնները, չափազանցուած համեմատութիւններով ներկայացուեցան։ Անոր փոխարէն անգոյ նկատուեցան հայերու վրայ գործադրուած հալածանքներն ու սպանդները»։

Սելահետտին Տէմիրթաշ

***

Հմուտ պատմաբան Թանէր Աքչամ. «Երիտասարդ թուրքերու ոճիրը մարդկութեան դէմ – Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան շրջանի էթնիկ մաքրագործումները», գիրքը կու գայ ջրել բոլոր այն սուտ պատրուակները, ուր հեղինակը հաստատօրէն կ՚ըսէ թէ «Իթթիհատականները պատերազմէն առաջ արդէն որոշած էին Ցեղասպանութիւնը իրագործել»։

***

«…Որքան ալ հայերը զանազան գրգռութիւններու ու պատահարներու հետեւանքով ապստամբած ըլլային, տեղահանութեան որոշումը արդէն անկէ առաջ ընդունուած ու յայտագրին մէջ առնուած էր»։

Այշէ Հուր

***

«…Ամբողջ աշխարհ արդէն ընդունած է, որ 1915-ն Ցեղասպանութիւն էր։ Թուրքերը տակաւին որոշ քաղաքականութիւն մը չունին այս մասին»։

Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ

***

Ահմէտ Ալթան «Խելագարներու երկիր» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը պախարակէր կառավարութիւնը իր պաշտօնական տեսակէտէն չկարենալ բաժնուելուն եւ ճշմարտութեան հետ երես առ երես չկարենալ գալուն համար ու կը գրէր հետեւեալ ցնցիչ խօսքերը. «…Դուն աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննէ, Անատոլուէն սրբէ հայերուն բոլոր հետքերը, ձեռք դիր անոնց կալուածներուն եւ ինչքերուն վրայ, յետոյ ալ տղոց ցոյց տուր վիտէօ ժապաւէններ ըսելով՝ «Նայեցէք հայերը ինչեր ըրին մեզի»։

Ահմէտ Ալթան

***

«…Այս հասարակութեան շատ սուտեր խօսուեցան։ Այս հասարակութիւնը բազմիցս յանցագործութեան  մղուեցաւ այդ սուտերուն պատճառաւ։ Յանցագործները «հերոս» եւ զոհերը «յանցաւոր» կոչեցինք»։

Ռակըպ Զարաքօղլու

 

Պրն. նախագահ, տակաւին կարելի է շատ երկարել օրինակները։ Վստահ ենք, որ դուք մեզմէ աւելի լաւ գիտէք այս բոլոր պատմութեան իրականութիւնները։ Լաւ գիտէք շիտակն ու սխալը, լաւ գիտէք ճշմարիտն ու սուտը։ Սակայն գիտնալով հանդերձ ճշմարտութիւնը, կը մերժէք զայն ընդունիլ, քանի որ ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը ապտակ մըն է մարդոց երեսին»։ Այդ է պատճառը որ մարդիկ կը խուսափին անկէ։

Անցեալին Սէֆի Էօնկիւտար ցնցիչ յօդուած մը գրած էր «Ռատիքալ»ի մէջ, մեղադրելով իթթիհատական կառավարութիւնը, որուն գործելակերպին նմանութիւնը կը տեսնէր ներկայ Ա.Գ.Փ. կուսակցութեան գործելակերպին մէջ, իր վարչապետ Էրտողանով։

Ան կը յիշեցնէր, թէ ինչպէս Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները, Տոքթ. Նազըմ, Տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի եւ այլն, 1 Նոյեմբեր 1918-ի գիշերը գերմանական նաւով խոյս տուած էին երկրէն։ Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը գիտակցէին իրենց յացագործութիւնը։ Շատ լաւ գիտէին, որ հարիւր հազարաւոր հայերու սպանդին պատասխանատուներն էին։ Շատ լաւ գիտէին որ դատարանը ինչ վճիռ պիտի արձակէր իրենց համար։ Այդ իսկ պատճառաւ անոնք փախան երկրէն։

Եւ ապա գիտենք, որ անոնք Օսմանեան պետութեան պատերազմական ատեանին կողմէ, ի բացակայութեան մահուան դատապարտուեցան։ Այս տեղեկութիւնները տալէ ետք յօդուածագիրը կ՚աւելցնէ. «Այս բաները ձեզի դպրոցներու մէջ չսորվեցուցին, բայց այդպիսով կը կարծէ՞ք, որ ասոնք պատմութենէն սրբուեցան»։

Միթէ անհերքելի փաստ մը չէ՞ Օսմանեան պետութեան պատերազմական ատեանին կողմէ արձակուած մահապատիժը ոճրագործ խմբակին համար։ Վճիռ մը, ուր Ցեղասպանութիւնը հաստատուած է նոյն ինքն պետութեան կողմէ։ Սակայն տակաւին մինչեւ այսօր, Օսմանեան պետութեան կողմէ իսկ վաւերացուած այդ ոճիրը կը մերժուի ձեր կողմէ։

Հոս նախ յստակ կը տեսնուի, որ Իթթիհատական կուսակցութիւնը նախապէս ծրագրած էր արդէն հայուն հետքը ամողջովին սրբել Անատոլիայէն, եւ ահա իր ծրագիրը գործադրած էր… սպաննելով 1,5 միլիոն հայեր։ 500 հազարն ալ տարտղնուած եղան աշխարհի չորս կողմերը։ Եւ ահա «այդ ողբերգութեան հետեւանքներէն փրկուելու համար ձեւաւորուեցաւ ուրացումի քաղաքականութիւն մը»։ Այո, պէտք չէր ընդունիլ որ կատարուածը Ցեղասպանութիւն համարեն, պէտք էր ուրանալ եւ աշխատիլ կարելի եղածին չափ արագ մոռացութեան մատնել զայն։

Ուրիշ ելք չկար, այլ միայն ուրանալ։

Սակայն ի՞նչ պէտք էր ընէին հիմա, կարենալ դուրս գալու այդ ոճիրին ահաւորութեան տակէն։ Բոլոր ճամբաները գոց էին, միակ ճամբան որ կը տեսնուէր, ուրացումի ճամբան էր. ուրիշ ելք չկար, որովհետեւ որոշուեցաւ մնալ ուրանալու սկզբունքին վրայ ու չշեղիլ անկէ եւ ահա այդ օրէն սկսեալ յաջորդ իշխանութիւնները հաւատարմօրէն գործադրելով այդ ուրանալու սկզբունքը, հասցուցին զայն ձեզի եւ ահա այսօր, դուք եւս Պրն. Նախագահ շատ ճարտարօրէն կը շարունակէք քալել ուրացումի ձեր այդ ուղիէն։

Ատկից զատ կար նաեւ նկատի առնելիք կարեւոր կէտ մը եւս, որ պէտք չէր մոռցուէր։

Այդ ուրացումին առընթեր, պէտք էր նաեւ ինքնարդարացման որոշ պատճառներ ճարել եւ ոճիրին ահաւորութիւնը մեղմացնող ու փոքրացնող նոր պատմութիւններ յօրինել, համոզիչ եղանակով մը հաւատացնելու աշխարհին, որ եղածը այդքան ալ նկատի առնելու չափ մեծ բան մը չէր, որովհետեւ խռովելու հարց չկայ։

Ահա օրինակ մը այդ փոքրացումի եղանակէն։

* Հայկական աղբիւրները իրենց  փաստացի տուեալներով, Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուածներուն թիւը կը գնահատեն 1-1,5 միլիոն։

* Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր հեղինակ Թալէաթ փաշան, իր յուշերուն մէջ զեղչելով այդ թիւը, կը հաստատէր որ գաղթականութենէն ետք, երկրէն պակսած էին մէկ միլիոն հայեր։

* 1918-ին Օսմանեան Ներքին գործոց նախարարութեան յանձնախումբը այդ թիւը կ՚իջեցնէր 800,000-ի։

* 1983-ին պատմաբան Քիամրան Կիւրին, այդ թիւն ալ փոխելով կ՚ըսէր. «Ինչպէս որ ալ հաշուեն սպաննուած հայերուն թիւը 300 հազարէն աւելի չէ։

* Իսկ ամենավերջը, թուրք պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ Պրն. Եուսուֆ Հալլաճօղլուն այդ թիւը կ՚իջեցնէր 9-էն 10 հազարի…։

Ահաւասիկ թրքական աճպարարութենէն նմոյշ մը…։ Երկու միլիոնէն իջնել 9-10 հազարի… հրաշալի գիւտ։

Չ՚արժե՞ր շքանշանով մը պատուել Պրն. Հալլաճօղլուն, իր հնարած հրաշալի այս գիւտին համար, քանի որ այժմ կարելի կ՚ըլլայ հարց տալ՝ մի՞թէ 9-10 հազար մարդու սպանութիւնը կարելի է ցեղասպանութիւն համարել…։

***

Պրն. Նախագահ, երբ մարդիկ կը կարդան Թանէր Աքչամի, Էլիֆ Շաֆաքի, Վահագն Տատրեանի, Աւետիս Փափազեանի, Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի եւ անոնց նման աշխարհահռչակ պատմաբաններու գիտական տուեալներով գրուած գիրքերը, որոնք կը ցոլացնեն պատմութեան բոլոր ոլորտները բազմակողմանի բացատրութիւններով, ստոյգ կը տեղեկանան անհերքելի ճշմարտութիւններուն, սակայն դուք նոյնիսկ չէք ուզեր ակնարկ մը իսկ նետել այդ գրութիւններուն վրայ, չտեսնելու եւ չլսելու համար զանոնք։

Վստահաբար նեղութիւն պիտի զգաք այդ ճշմարտութիւնները լսելէն։ Սակայն, երբ կը փորձէք ձեր պատմաբաններուն կեղծ պատմութիւններով համոզել աշխարհը, թէ դուք Ցեղասպանութիւն չէք գործած, բան չէք շահիր, քանի որ աշխարհ շատ լաւ գիտէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։ Այդ իսկ պատճառաւ ձեր պատմաբաններուն խօսքերը օդի մէջ կը մնան եւ տեղ չեն բռներ։

Այսօր մօտ 25 երկիրներ պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ամերիկայի 49 նահանգ նոյնպէս կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։ Լացիոն դարձեր է Իտալիոյ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 136-րդ տարածքային ինքնակառավարման խորհուրդը։ Եւ բոլոր այն երկիրները որոնք տակաւին պաշտօնապէս չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը այլ եւ այլ հաշիւներով, սակայն եւ այնպէս տակաւին ոեւէ մէկը չէ հերքած անոր իրականութիւնը։

Մինչդեռ թրքական պետական տեսակէտը ընդունող երկիր մը չկայ տակաւին։ Միայն դուք էք որ կը պնդէք ձեր տեսակէտին վրայ։ Միայն դուք էք որ չէք ընդունիր ու չէք դատապարտեր կատարուած ոճիրը, ինչ որ կը նշանակէ համաձայն ըլլալ կատարուած ոճիրին հետ, որովհետեւ երբ համաձայն էք արդէն կատարուածին հետ, ալ ինչ խօսք ընել դատապարտելու մասին։ Ընդհակառակը, պատշաճ է որ ձեր շնորհակալութիւնը յայտնէք այդ ոճրագործ խմբակին, որ ձեզի շնորհեց աներեւակայելի հսկայական աւար, ինչ փոյթ, որ ան ձեզի հասած ըլլայ միլիոնաւոր մարդոց արեան գնով…։

Չէ որ իվերջոյ դուք եւս Իթթիհատական ճամբու ճամբորդներ էք…։

Իզուր չէ, որ Սէֆի Էօնկիւտար Իթթիհատական կառավարութեան գործունէութեան նմանութիւնը կը տեսնէր ներկայ Ա.Գ.Փ. կուսակցութեան գործունէութեան մէջ, անոր ղեկավար Էրտողանով…։

 

31 Մարտ 2019

Կլենմոնթ, Նիւ Եորք

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին