ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ձերբակալման փորձի ժամանակ ինքզինք վիրաւորած Փերուի նախկին նախագահ Ալեն Կարսիան մահացած է: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին կը հաղորդեն միջազգային լրատուամիջոցները:
Այդ տեղեկատուութեան պաշտօնական հաստատում չկայ:
Ըստ փերուական հեռատեսիլի ընկերութիւններուն, որոնք կը վկայակոչեն բժիկները, քաղաքական գործիչի սիրտը երեք անգամ կանգ առած:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Լիմայի անոր տան մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու, Կարսիան կրակած Է իր պարանոցին: Նախկին նախագահը տեղափոխած են Լիմայի հիւանդանոց:
Կարսիան Փերուի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Է երկու անգամ՝ 1985-1990 թուականներուն եւ 2006-2011 թուականներուն:
Փերուի մէջ Կարսիային կը կասկածին Odebrecht պրազիլական շինարարական ընկերութենէն կաշառքներ ստանալու մէջ: Լատինական Ամերիկայի մէջ այդ ընկերութիւնը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, նախարարներ եւ նախագահներ կաշառելու համար պետական շահաւէտ պարտաւորագրեր ստանալու նպատակով:






