Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մահախօսական. Շիջեցաւ՝ Վաստակաշատ Ու Հաւատարիմ Ազգային Պետրոս Վանլեանը

Լիբանանահայ իրականութենէ ու նամանաւանդ ազգային, եկեղեցական ու միութենական կառոյցներէ ներս, անկասկած որ անցեալին ու ներկայիս գտնուած են մարդիկ, որոնք իրենց աշխատանքով, ջանասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ ու բարեգործութեամբ հանդիսացած են ազնուական հայորդիներ, երեւելի ու անձնդիր անհատներ, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներ, որոնք շնորհիւ իրենց տարիներու վրայ երկարած նուիրական աշխատանքին ու զոհողութեան, ձգած են իրենց մատնահետքերը՝ գաղութահայ պատմութեան մէջ, արժանանալով յաջորդող սերունդներու անմնացորդ սիրոյն ու յարգանքին:

Ահա, նմանօրինակ եզակի ու լուրջ անձնաւորութիւն մըն էր բոլորիս համար սիրելի ու թանկագին Պետրոս Վանլեանը, որ այսօր լուռ ու անձայն կը հեռանայ մեզմէ, Վանլեան ծանօթ գերդաստանին պատճառելով խորունկ ցաւ… որովհետեւ, իր մահով Վանլեան ընտանիքն ու համայն գերդաստանը կը կորսնցնեն արժանաւոր հարազատ մը, հաւատարիմ ամուսին մը, նուիրեալ ու պարտաճանաչ սիրելի հայր մը..:

Իսկ լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մասնաւորապէս, այսօր Պետրոս Վանլեանի մահով կը կորսնցեն տոկուն նկարագրի տէր Հայ մարդ մը, որ նուիրուած էր իր Ազգին, Եկեղեցիին, Միութեան ու Դպրոցին՝ անշահախնդրօրէն, առանց ակնկալութեան, միշտ պատրաստ տալու…  այդ պատճառով ալ  գնահատուած էր ու սիրուած բոլորէն անխտիր: Հանգուցեալ Պետրոս Վանլեան իր հեզ ու բարի բնաւորութեան, ճշմարիտ հայասիրութեան ու արդար դատողութեան համար կը վայելէր բացառիկ ու իւրայատուկ վերաբերմունք՝ մեծէն ու փոքրէն :

Այս պահուն, իրապէս դժուար է բառեր գտնել, թուելու համար հանգուցեալին բարեմասնութիւնները: Ի՞նչ կարելի է ըսել նմանօրինակ Մարդու մը, որ իր շնորհիւ իր յամառ ճիգին ու ջանքին, իր անտեղիտալի կամքին ու կորովին, զուտ աշխատասիրութեամբ, լոկ անձնական ջանքերով, արհամարհելով դժուարութիւն ու արգելք, բարձրացած էր վեր… գաղութահայ իրականութեան մէջ հասած՝  նախանձելի դիրքի, վայելելով լուրջ մեծարանք՝ ոչ միայն հայկական առեւտրական շրջանակներէն ներս, այլ լիբանանցի լայն խաւերէն ներս եւս:

Ան որպէս հայ ազգային, իր ողջ կեանքին ընթացքին, իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ նուիրուեցաւ իր ազգին, եկեղեցիին ու հայ դպրոցին, առաջին հերթին որպէս առաքինի հայ մարդ, բծախնդրօրէն ու նախանձախնդութեամբ պահելով աւանդական տոհմիկ ընտա-նիք, դարձած տիպար ու օրինակելի ամուսին, նուիրեալ ու գուրգուրոտ հայր եւ նամանա-ւանդ՝ գիտակից ազգային ու հաւատարիմ միութենական անդամ:

Հանգուցեալ Պետրոս Վանլեանի կենսագրական տուեալներուն եթէ պահ մը պիտի տեսնենք, որ ան Իսկէնտէրունցի Պօղոս եւ Նուարդ Վանլեան նահապետական հայ ընտանիքի 3րդ. զաւակն էր, որ ակամայ զրկուեցաւ հօրենական օճախի ջերմութենէն՝ շատ շատ կանուխ…:  Արդարեւ, ան փոքր, տակաւին 6 տարեկան էր, երբ 1939 թուականին, ինչպէս բոլոր Ալեքսանտրէթի հայ բնակչութիւնը, ան ալ դարձաւ գաղթական եւ պարտադրաբար հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ ծնողքին հետ, կրտսեր տարիքին ճաշակեց գաղթականութեան տառապանքը… եւ  վերջապէս օր մըն ալ հաստատուեցաւ Լիբանան:

Որպէս ուսումնատենչ պատանի սակայն, ան Պէյրրութի մէջ կը ստանայ իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը եւ ինչպէս այդ ժամանակուայ իր հասակակիցներէն շատեր, ինքն ալ կանուխէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ, պայքարելու եւ յարատեւելու…. միաժամանակ, հետեւելով առեւտրական յատուկ դասընթացքներու՝ մասնաւոր ուսուցիչներու հոգատարութեան ու խնամքին տակ:

Կեանքի ասպարէզին մէջ լաւ ու գնահատելի յաջողութիւն ձեռք բերած Պետրոս, 1970 թուականին ամուսնանալով Օրիորդ Հուրի Պալեանի հետ, հայկական երջանիկ ընտանեկան բոյն մը կը կազմէ եւ Պետրոս ու Հուրի ամոլը կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ Գալին (ամուսնացած Ալեք Եավէրեանի հետ), Արմէն (ամուսնացած Սարին Ադամեանի հետ) եւ Վիգէն..:

Շնորհիւ իր շարունակական ու անդադրուն ճիգին ու ջանասիրութեան, Պետրոս Վանլեան կը յաջողի հիմնել բոլորիս ու լիբանանցի հասարակութեան ու առեւտրական շրջանակներուն ծանօթ՝ «Վանլեան Կահորայք»-ի հաստատութիւնը:

Միշտ նորութիւններու ու զարգացումի ճանապարհին հետամուտ, ան չի բաւարարուիր իր գլխաւոր աշխատանքով սակայն, այլ անոր կողքին կը հետապնդէ այլ մասնագիտութիւն ու հետաքրքրութիւն, որ է՝ Շինարարական մարզը: Այս ասպարէզէ ներս եւս, ան կարճ ժամանակի մէջ կ’ունենայ փայլուն վերելք եւ Պէյրութի մէջ կը կառուցէ տասնեակ մը վաճառականական կեդրոններ, շահելով մեծ համբաւ:

Հոս կարեւորութեամբ պիտի շեշտենք այն, որ երբ Պետրոս Վանլեան առեւտրական ասպարէզէ ներս յաջողեցաւ եւ գրաւեց կարեւոր ու նախանձելի դիրք, չմոռցաւ երբեք Հայ Եկեղեցին, Հայ Միութիւնը եւ Հայ Դպրոցը, միշտ տալով իր սիրտէն ու հոգիէն, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս, Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան՝ առանց դոյզն ակնկալութեան:

Իր բարեգործութիւնն ու մարդասիրութիւնը սակայն, երբեք ալ չվրիպեցաւ թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ ազգային ու միութենական շրջանակներու կողմէ: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. , գնահատելով Պետրոս Վանլեանի ազգային ծառայութիւնները, զինք պարգեւատրեց յատուկ սրբատառ Կոնդակով, իրեն շնորհելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի շքանշան»:

Ան, Պետրոս Վանլեան արժանացաւ նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան «Բարերար Անդամ»-ի վկայականին, որպէս երախտիք՝ իր կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան եւ իւրաքանչիւր ներկայացող առիթ, ան գնահատուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատասխանատուներուն ու ենթակառոյցներուն կողմէ:

Իր մահով, գաղութը կը կորսնցնէ գիտակից հայ մը, Հայ եկեղեցին՝ բարեպաշտ հաւատացեալ մը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ հաւատարիմ անդամ մը, իսկ Վան-լեան Գերդաստանը՝ ամուսին, հայր, մեծհայր, եղբայր ու հարազատ մը:

Անձամբ, քանի քանի անգամներ, առիթը ունեցած եմ մօտէն նստելու ու զրուցելու իր հետ: Զիս ուրախացուցած էր միշտ իր անմիջական, բարի, անկեղծ եւ թափանցիկ բնաւորութիւնը, անկաշկանդ վերաբերմունքը եւ մարդկային վեհ բարեմասնութիւնը… առաւել՝ պարզութիւնը:

Իր մահուան գոյժը, բնականաբար կու գայ ծանր ճնշել բոլորիս հոգիին վրայ, քանի որ մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի հայ մարդ մը՝ արժանիքներով լեցուն: Սակայն, իր թողած բարի ու ազնիւ մարդու  համբաւը, կը խորհիմ, որ  լաւագոյն մխիթարութիւնն է մնաացողաց: Կը վշտակցիմ Վանլեան գերդաստանին, ի մասնաւորի հանգուցեալին տիկնոջ՝ Տիկին Հուրիին, դստեր՝ Գալինին, ուստեր՝ Արմէնին եւ բոլոր հարազատներուն:

Հողը թեթեւ գայ վրան:

Հ.Մ.   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին