Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

Առողջ մնալու հրամայականը

ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութիւն

Health And Wellness

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բժիշկ Ալէն Գարակէօզեան գրաւած է հայ համայնքին յարգանքն ու հետաքրքրութիւնը, իր բուժարանի այցելուներուն անզուգական եւ նուիրեալ ծառայութիւններով:

ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութիւնը կազմակերպած էր մարդկային առողջապահական մարզին վերաբերեալ  բանախօսական ձեռնարկ մը «Առողջ մնալու հրամայականը» նիւթով, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ:

Օրուան բանախօսն էր բժիշկ Ալէն Գարակէօզեան, որ 3 տարեկան հասակին, ծնողքին հետ գաղթած է Ամերիկա: Իր ուսման կաճառին առաջին քարը դրուած է ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, Քանոկա Փարք, Լոս Անճելըս: Ան յաջորդաբար, ուսանած է երեք համալսարաններու մէջ, բժշկական տիտղոսին տիրանալով եւ մասնագիտանալով իր բժշկական կիրառութեան մէջ:

Օրուան հանդիսավար Յակոբ Մարտիրոսեան, բժիշկ Ալէն Գարակէօզեանի կենսագրական գիծերը ու անոր մասնագիտութեան ճիւղերը ներկայացնելէ ետք, զինք բեմ հրաւիրեց ներկայացնելու համար իր զեկոյցը:

Բժիշկ Գարակէօզեան նախապէս, նոյն բեմին վրայ ներկայացուցած էր տարբեր նիւթերով այլ զեկոյցներ եւս, սակայն այդ օրուան զեկոյցը խիստ հետաքրքրական դարձած էր, որովհետեւ ներկաներուն մեծամասնութիւնը ունէր առողջական նման պարագաներ եւ անհամբեր կը սպասէին իր ելոյթին:

Բժիշկ Գարակէօզեան ներկայացուց 3 կարեւոր ազդակներ մարդկային կեանքը տագնապեցնող, ինչպէս նաեւ առողջապահական գետնի վրայ գոյութիւն ունեցած հիւանդութիւններուն եւ անհանգստութեանց հետեւանքները: Անոնք են՝ արեան ճնշումը, շաքարախտը եւ մարմնի մէջ ճարպային կուտակումը: Բժ. Գարակէօզեան իւրաքանչիւր ախտի ծագումն ու հետեւանքները ներկայացուց գիտական առումով, անոնց ազդեցութիւնները մարդկային մարմնի վրայ, որոնք շատ յաճախ անհատը կը տանին հիւծումի, մաշումի եւ սպառումի, անշուշտ եթէ կանխաւ անոնց առաջքը չառնուի բժշկական միջոցներով: Բժ. Գարակէօզեան մանրամասնօրէն նկարագրեց իւրաքանչիւր ախտի արուեստական բուժման միջոցներէն առկախ, մարդկային անհատական կամքի, մարմնամարզանքի, հոգեկան եւ  մտային կարողութիւններուն մասին, որոնց բարեհաճոյ, լաւատեսութեան եւ բարձր ոգեկան կեանքի եւ կենցաղի վարուելակերպը, շատ յաճախ հրաշքներ կրնայ գործել անհատին առողջութեան վրայ:

Բժիշկ Գարակէօզեան իր զեկոյցը աւարտելէ ետք, ներկաներուն հետ մտերմիկ հարց-պատասխանով շարունակեց իր թելադրութիւնները առողջ մնալու հրամայականով:

Խիստ շահեկան էր սոյն ելոյթը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք բժիշկ Ալէն Գարակէօզեանէն, որ իր ժամանակը տրամադրեց ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան եւ ներկաներուն։

Հանդիսութեան աւարտին զրոյցը շարունակուեցաւ հիւրասիրութեան շուրջ։

 

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին