Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Փերուի նախկին նախագահը անձնասպանութեան փորձէն ետք մահացած է

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ձերբակալման փորձի ժամանակ ինքզինք վիրաւորած Փերուի նախկին նախագահ Ալեն Կարսիան մահացած է: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին կը հաղորդեն միջազգային լրատուամիջոցները:

Այդ տեղեկատուութեան պաշտօնական հաստատում չկայ:

Ըստ փերուական հեռատեսիլի ընկերութիւններուն, որոնք կը վկայակոչեն բժիկները, քաղաքական գործիչի սիրտը երեք անգամ կանգ առած:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Լիմայի անոր տան մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու, Կարսիան կրակած Է իր պարանոցին: Նախկին նախագահը տեղափոխած են Լիմայի հիւանդանոց:

Կարսիան Փերուի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Է երկու անգամ՝ 1985-1990 թուականներուն եւ 2006-2011 թուականներուն:

Փերուի մէջ Կարսիային կը կասկածին Odebrecht պրազիլական շինարարական ընկերութենէն կաշառքներ ստանալու մէջ: Լատինական Ամերիկայի մէջ այդ ընկերութիւնը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, նախարարներ եւ նախագահներ կաշառելու համար պետական շահաւէտ պարտաւորագրեր ստանալու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին