ՄՈՒՏՔ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտահայութեան բնաջնջումը օսմանեան թէ հանրապետական Թուրքիոյ առաջնահերթ երազն էր եղած: Արդարեւ, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք, hայը իր իսկ հողին վրայ ենթարկուեցաւ գոյութիւնը պահպանելու եւ գոյատեւելու դժուարին պայմաններու: Պատմականօրէն, Կիլիկիոյ հայութիւնը կազմուած էր ընդհանրապէս Արեւմտահայաստանէն ու յատկապէս Անիէն տեղափոխուած հայերով: Կիլիկիան իրաւական շարունակութիւնը կը հանդիսանար պատմական Հայաստանի, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք Հայց. Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռին տեղափոխութիւնը Սիս: Նոր Հայաստան մըն էր Կիլիկիան, որ իր կենցաղային ու մշակութային բարգաւաճ կեանքով Օսմանեան կայսրութեան համար կը նկատուէր մտահոգիչ երեւոյթ մը:
Պալարը պայթեցաւ 1894-ին ու տեւեց մինչեւ 1923: Այս երեսնամեակին տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական եւ անկիւնադարձային ցեղասպանութիւնը. ջարդ ու կոտորած, բռնագաղթ ու տարագրութիւն:
Չորք-Մարզպան իր շրջակայքով մաս կը կազմէր Կիլիկիոյ հայութեան պարտադրուած ճակատագիրին: 1895-ին, 1909-ին եւ 1918-1921-ի վերջը Չորք-Մարզպանի հայութիւնը մղեց իր երեք նշանաւոր հերոսական դիմադրութիւնները:
2005-ին, Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի
«Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի» բովանդակալից ու գեղատիպ հատորը (384 էջ), աւելի քան 40-է աւելի օգտագործուած աղբիւրներով կը մնայ ցարդ ամէնէն ամբողջական վկայագիր-աղբիւրը Չորք-Մարզպանի հայութեան 1894-1923-ի գոյամարտի երեսնամեայ ժամանակագրութեան:
Ուրեմն, նկատի առնելով 1909-ի հերոսամարտի 110-ամեակին զուգադիպող ներկայ տարեթիւը, ու հիմնուելով վերոյիշեալ պատմագիրքի տուեալներուն վրայ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք պատմագիտական սոյն համառօտ տեղեկութիւնները՝ իբրեւ իր ժամանակի վկայութիւնը:
***
Չորք-Մարզպան մաս կը կազմէր Ատանայի նահանգին, որ կ’ընդգրկէր նաեւ Պատմական Կիլիկիոյ արեւմտեան մասը: Հայոց ծոցը, որուն կու տանք նաեւ Ալեքսանտրէթի ծոց անուանումը, իր կիսաբոլորակ շրջագիծին արեւելեան ծովափնեայ շրջանին գտնուող Ալեքսանտրէթ նաւահանգիստ քաղաքէն կ’ուղղուինք դէպի Փայաս, ապա՝ Չորք-Մարզպան, եւ հետեւելով ծովեզերեայ ուղղութեան, կը հասնինք անոր արեւմուտքին գտնուող Այաս նաւահանգիստը:
Սակայն, եկէ՛ք կանգ առնենք Չորք-Մարզպանի մօտակայքը ու դիտենք նարնջաստան այս գիւղաքաղաքին բուրաւէտ բնութիւնը, «Ուր պար են բռնած պատմութիւնն ու բանաստեղծութիւնը», որ ինքզինք կը մատնէր իրեն այցի եկող հիւրերուն, անոնք ըլլային հա՛յ թէ օտար: Այդ հիւր այցելուներէն մէկն էր 1909-ին յատուկ պատուիրակութեան մէջ գտնուող Զապէլ Եսայեանը, որ իր օրագրային նշումներուն մէջ կու տայ հարազատ նկարագրականը այդ հիասքանչ գիւղաքաղաքին, երբ Էրզինէն գալով կ’ուղղուէր դէպի Չորք-Մարզպան:
Կը մէջբերեմ պարբերութիւն մը Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» գիրքէն:
«Տէօրթ-Եոլ չհասած, ժամ մը առաջ բարկ եւ զգլխիչ բուրմունք մը զգալի եղաւ, մեր շնչած օդը կարծես հետզհետէ կը թանձրանար հոտաւէտ մասնիկներով, նարնջենիներն էին: Քանի մը վայրկեան եւս, եւ ահա մտանք մթին եւ հոծ կանաչութեանը մէջ նարնջենիի անտառին»:
Ուրեմն, Նահապետ Ռուսինեանի վկայութիւնը հարազատ մէկ արձանագրութիւնն է իրականութեան, երբ մեր շրթներուն կը յանձնէ իր անմոռանալի երգը. «Եւ ոչ մէկ վայր է արդարեւ, գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա…»:
Այժմ, միասնաբար մտնենք նարնջաբոյր այս փոքր աշխարհէն ներս, որ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներուն կը կոչուէր Ճուկ Մարզեպան կամ Ճուկ Մարզպան՝ ըստ համանուն բերդին, եւ որ աղաւաղուելով աւելի ուշ՝ պիտի կոչուէր Չոք Մերզմին եւ Օսմանեան կայսրութեան մէկ հրամանագրով՝ պիտի անուանէին զայն Ումրանիէ, ապա՝ Տէօրթ-Եօլ, միշտ մերժած ըլլալու համար անոր հայկական ծագումը եղող Չորք Մարզպան կոչումը: Ուրեմն, համահաւասար զոյգ անուններուն օգտագործումը պիտի գտնենք պատմական եւ գրական արձանագրութիւններուն մէջ:
ՉՈՐՔ-ՄԱՐԶՊԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅՔԸ
Հայկական ինքնութիւնը Չորք-Մարզպանին եկած է Սիւնեաց աշխարհէն ու մեզ կը տանի ԺԲ. դարուն սկիզբ առած հայկական այն ներկայութեան, որ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակաշրջանն է. ապա՝ մենք կը հասնինք 1800-ական թուականներու սեմին, երբ աշխարհով մէկ սփռուած չորք-մարզպանցի մեր համաքաղաքացի հայրենակիցներուն արմատները, իրենց ընտանեկան տոհմածառին վերականգնումով պիտի գտնեն անունները յաջորդական սերունդներուն: Անձնական օրինակ մը. 1806 թուականը արձանագրուած է մեր գերդաստանի տոհմածառին վրայ: Ծննդավայր՝ Էօզերլի:
Արդ, ամփոփ կերպով ծանօթանանք այս շրջանին, որուն հիմնական գիւղաքաղաքը կը կոչուի Չորք-Մարզպան իր երկու կարեւոր թաղերով՝ Վերի Թաղ եւ Վարի Թաղ: Ազգային-կրթական կեանքը սկսած էր կազմակերպուիլ 19-րդ դարու Բ. կէսէն ետք, իր զոյգ եկեղեցիներով եւ վարժարանով: 1895-ի Համիտեան կոտորածներէն առաջ հայ բնակչութեան թիւն էր շուրջ 7,000:
Շրջակայքի գիւղերն են.- Օճագլը, Գուզուլուճու եւ Իճատիէ, ապա՝ Ուզերլի կամ Էօզերլի, ու քիչ մը հեռուն՝ Նաճարլը գիւղը: Ըստ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի «Սիսուան» աշխատութեան, 19-րդ դարուն շրջակայքի գիւղերուն մէջ կ’ապրէր 1,200 տուն հայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՇՈՒՆՉ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ
1880-ական թուականներուն սկիզբ առած է ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքի կազմակերպումը Չորք-Մարզպանի մէջ:
1888-ին, իբրեւ ուսուցիչ Հաճընէն Չորք-Մարզպան կը ժամանեն յեղափոխական գործիչ Ժիրայր Պոյաճեան եւ քոյրը՝ Հայկանոյշ: Աւելի ուշ՝ անոնց սկսած գործին կը միանան Վարդան Ախիկեան եւ Մխօ Շահէն, որոնք կը մղուին շրջանի երիտասարդութիւնը դաստիարակել ազգային ազատատենչ ոգիով, ունկնդիր՝ Խրիմեան Հայրիկի հայրենասիրական անվիճելի յորդորներուն:
«Ժողովո՛ւրդ Հայոց,– կ’ըսէր Հայրիկ,– անշուշտ լաւ հասկցաք թէ զէնքը ի՛նչ կրնար գործել եւ կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացիներ, երբ հայրենիք վերադառնալու լինիք, ձեր բարեկամաց եւ ազգականաց իբր պարգեւ մէկ-մէկ զէնք տարէք, զէնք առէք եւ դարձեա՛լ զէնք: Ժողովուրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժ տուր, մարդ ինքն իրմէ պէտք է աշխատի որ փրկուի»:
Արդարեւ, 1895-ի Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ առաջին կոտորածին, երբ հայութիւնը 300 հազար մարդ զոհ տուաւ, Չորք-Մարզպանի հայութիւնը 1895-ի Նոյեմբերի 12-էն 20, ութօրեայ ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, շնորհիւ քաջարի հայորդիներու համերաշխ եղբայրական ոգիին, նուազագոյն վնասով յաղթական դուրս ելաւ այս անահաւասար գոյապայքարէն, ու փրկուեցաւ ֆիզիքապէս: Իրօք, Ժիրայրին օգնութեամբ էր որ Չորք-Մարզպանի երիտասարդները վարժուեցան զէնքի գործածութեան, նշանառութեան եւ փարտիզանական մարտնչումներու: Առաւել՝ Ժիրայր սովորութիւն ունէր իր աշակերտները տանիլ մօտակայ բարձունքներ, զանոնք դաստիարակել ազատատենչ գաղափարներով եւ անոնց ճկոյթ մատի արիւնը իրարու խառնելով զանոնք կը դարձնէր «արիւնակից եղբայրներ», ապա անոնց կու տար հայկական նոր անուններ: Զուգահեռաբար, Վարդան Ախիկեան եւ Մխօ Շահէն, իրենց բանախօսութիւններով Չորք-Մարզպանի երիտասարդութեան մէջ կերտեցին հերոս հայ մարդու դիմագիծը, լիացած մարտական ոգիով:
Ահա թէ ինչու, սոյն յօդուածին մէջ կ’արժէ անդրադառնալ 1895-ի յաղթական ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական յաջողութեան եւ համերաշխ ոգիի անվիճելի սկզբունքայնութեան: Ոչ մէկ խտիր համայնքային, դաւանական թէ կուսակցական տարբեր համոզումներու միջեւ:
Այս ոգիով թրծուած չորք-մարզպանցի հայը 1895-ի յաջորդող տասնամեակին արձանագրեց մեծ նուաճումներ ազգային-կրթական-մշակութային մարզերու մէջ:
Քաղաքական ազատախոհ մտածողութիւնը, հիմնուած համակեցութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան վրայ, առիթ տուաւ որ «Չորք-Մարզպանցի հնչակեանները եւ անոնց համակիրները գրեթէ ամբողջութեամբ յարին Վերակազմեալ Հնչակեաններուն: Իսկ 1908-ին, վերակազմեալներուն մեծամասնութիւնը միանալով անկուսակցականներու հետ ծնունդ տուին Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, որ բաւական ժողովրդականութիւն կը վայելէր աւանին մէջ»:
1908-ին Այնթապէն գալով Չորք-Մարզպան կը հաստատուի Տէր Մելքոնի որդի Միհրան, որ ըլլալով դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամ, իր պերճախօսութեամբ մեծ տպաւորութիւն կը թողու իր հետեւորդներուն վրայ ու կ’ըլլայ հիմնադիրը տեղւոյն ժողովուրդին մօտ լայն տարածում գտած Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Ազգային կեանքի այս ենթահողին վրայ հաստատուած ընկերա-քաղաքական մթնոլորտը 1909-ի սեմին յղի էր անակնկալներով եւ ոչ ոք կրնար նախատեսել անստոյգ մօտիկ ապագան…:
(Շար 1)
Պատրաստեց՝
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ