Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Քոնկրէսականները Ծեծեռնակաբերդի Մէջ Յարգած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

 ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստան այցելած ԱՄՆ քոնկրէսականները ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի անդամներ Գայեանէ Աբրահամեանի եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ Ապրիլ 17-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, Ներկայացուցիչներու պալատի ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի անդամ քոնկրէսականները ծաղիկներ խոնարհած են Մեծ եղեռնի յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակի մօտ, լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Անոնք այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած 20-րդ դարու առաջին արհաւիրքը հաւաստող վաւերագրերուն, դիտած ցուցանմուշները, գրառում կատարած «Պատուաւոր հիւրերու» յուշամատեանին մէջ: Թանգարան-հիմնարկի տնօրինութիւնը քոնկրէսականներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անգլերէն գիրքեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին