Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Don’t Worry , Be Happy- «Մի մտահոգուիր, երջանիկ եղիր» – Պոպպի Մաքֆերրին (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի մը Պատմութիւնը – 14 –

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

            Երբ  երաժիշտը տաղանդաւոր է, անոր ոչ գործիքաւորում, ոչ հսկայական նուագախումբ, ոչ ալ երաժշտախումբ պէտք է՝  ըսելիքը հանդիսատեսին հասցնելու եւ մտադրուած գաղափարն իրագործելու համար։

            Պոպպի երգը կը կատարէ (acapella)՝ առանց գործիքային նուագակցութեան։ Երգին մէջ հնչող թուացեալ գործիքները  եւս ինք կ’երգ։

            Երգի գաղափարն ու նախապատմութիւնը կը տանին դէպի 80-ականներուն յայտնի հնդիկ կուրու Մեհեր Պապայի գաղափարներէն մէկը։ Հարցը եղաւ այսպէս․ Պոպպի այցի գացած էր իր ընկերներէն մէկուն արուեստանոց, երբ պատին տեսաւ Պապայի նկարով եւ գաղափարախօսութեամբ  ցուցանակ մը, ուր կ’ըսուէր․ «Մի մտահոգուիր, երջանիկ եղիր» ։ Պոպպին կը մեկնաբանէ, որ հաղորդագրութիւնը իրեն հասաւ շատ յստակ։ Այս բառերով ալ սկսաւ երգի ստեղծագործման ընթացքը։

            Մաքֆերրին ունէր բազմաթիւ ճազային ստեղծագործութիւններ, եւ ասիկա նման չէր անոնցմէ որեւէ մէկուն։ Ան չուզեց գործիքաւորել երգը։ Որոշեց կատարել acapella, ինչը շատ զարմացուց թէ՛ անոր գործընկերները, թէ՛ ունկնդիրները։ Պոպպիի ընկերներն ու ընտանիքի անդամները կը փորձէին համոզել զինք  փոխել մտադրութիւնը եւ երգը դարձնել սովորական ձեւաչափի։ Հարցը այն է, որ այդ թուականներու համար բնորոշ չէր առանց գործիքաւորման՝ acapella երգեցողութիւնը։ Այս ժանրը թափ առաւ ու մեծ ունկնդիրներու եւ սիրողներու հսկայական բանակ հաւաքեց 20 տարի անց միայն։ Հակառակ անոր, որ  ան 1984 թուականին ձայնագրած էր ամբողջ   acapella ալպոմ մը՝ ճազ երգերով։   Ինչեւէ, Պոպպին ականջալուր չեղաւ այս խորհուրդներէն որեւէ մէկուն։ Եւ արդիւնքը ակնյայտ է։

            Թողարկուելէն ետք երգը անմիջապէս զբաղեցուց Պիլպորտ Թօփ 100-ի 2-րդ հորիզոնականը։ Սա անհաւանական երեւոյթ էր acapella երգի համար եւ առաջին դէպքն էր Թէժ Հարիւրեակի պատմութեան մէջ։ Նոյն բանը տեղի ունեցաւ բրիտանական չարթի հետ նոյնպէս։

            Երգի մէջ Պոպպին կ’երգէ Ճամայիքացիի շեշտադրումով, որպէսզի երգին հաղորդէ զուարճալի եւ իւրայատուկ երանգ։ Այս փաստը, սակայն, շփոթմունք յառաջացուց ունկնդիրներուն մէջ։ Երգի կառուցուածքի եւ հնչողութեան պատճառով  անոնք կը կարծէին, որ երգը գրած է եւ կը կատարէ ՊոՊ Տիլան։ Այս պնդումը սխալ էր, քանի որ Տիլան մահացած էր երգի ստեղծումէն  տարիներ  առաջ։

            Տեսահոլովակի նկարահանումը եւս հետաքրքրական պատմութիւն ունի։ Անիկա ամբողջութեամբ տեղւոյն վրայ յորինուած է՝ առանց նախապէս գրուած որեւէ սենարի։ Այն, ինչ կ’ընեն այդ երեքը, զուտ անոնց երեւակայութեան եւ զուարթամտութեան համակցումն է , սակայն զուարթ պատկերներէն շատերը  չմտան հոլովակի մէջ։ Հոլովակի մէջ նկարուած են կատակերգակ յայտնի դերասաններ Ռոպի Ուիլիամս եւ Պիլ  Իրուին։ Ռոպիի կինը երկար ժամանակ  զինք կը համոզէր, որ չնկարահանուի այդ «անմակարդակ» երեւոյթի մէջ։ Ռոպին, բնականաբար չզիջեցաւ, եւ ստացուեցաւ այն , ինչ ստացուեցաւ։  Երգը թողարակուելէն ետք մէկ անգամէն արժանացաւ Կրեմմի երկու մրցանակի ՝ « Լաւագոյն երգ», «Տարուայ ձայնագրութիւն» անուանակարագերուն, իսկ Պոպպին դարձաւ տարուայ՝ « Փոփ ժանրի լաւագոյն երգիչ»։ Այս բոլորի մէջ  հետաքրքրականը այն էր, որ Պոպին այս երգի յաջաղութենէն ետք  չցանկացաւ շարունակել արարել փոփ ժանրի մէջ․ մնաց հաւատարիմ ճազին եւ նոյնիսկ ան յաջողեցաւ խմբավարի դերի մէջ՝ ելոյթ ունենալով բազմաթիւ յայտնի նուագախումբերու հետ։

            1988 թուականին Ճորճ Պուշ աւագը առանց թոյլտւութիւն ստանալու այս երգ օգտագործեց  իր նախագահական նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, ինչը շատ բարկացուց ռամկավարներու կողմնակից Պոպպին։ Ան արագ կասեցուց այդ փաստը, արգիլելով օգտագործումը եւ նոյնիսկ հրաժարեցաւ այլեւս երգել այս երգը, եթէ Պուշը շարունակէ զայն օգտագործել։

            1988 թուականէն սկսեալ այս երգը կամայ, ակամայ դարձաւ երջանկութեան , անհոգութեան «կոչ»։ Չկայ մէկը, որուն մօտ երգը ժպիտ չյառաջացնէ։ Եւ բնականաբար, ինչպէս միշտ տեղի կ’ունենայ, երգը ունի բազմաթիւ վերաերգուած ու մեկնաբանուած տարբերակներ։ Տարիները այս պարագային ալ, երգը հինցնելու փոխարէն պահեցին «մշտապէս  երիտասարդ երգերու» շարքին։

            Բոլորս կեանքի մէջ ունինք խնդիրներ,

            Բայց երբ կը մտահոգուինք,

Զանոնք կը կրկնապատկենք։

            Մի մտահոգուիր, երջանիկ եղի՛ր։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին