Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

Նարեկ Սրբազանի Սրտի Խօսքը Արտասանած Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի «Երկիր Իմ Հայաստան» Երգի Ու Պարի Ելոյթին

Սիրելինե՛ր,

Այս ձեռնարկը զիս 53 տարի ետ տարաւ, երբ ես իմ առաջին արտասանութիւնս արտասանած եմ այս բեմին վրայ:

Տարիները անցած են, եւ ահաւասիկ նոր սերունդը՝ Վահան Թէքէեան վարժարանի նոր աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք այսօր եկան եւ մեզի փոխանցեցին նոյն պատգամը, նոյն տագնապը, նոյն պատկանելիութիւնը, ըլլալ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին հետ: Եւ ասկէ աւելի սրբազան պատգամ կարելի չէ երեւակայել եւ մանաւանդ ըմբոշխնել: Ես իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս գաղափարը, այս պատգամը կեանքի վերածեցին եւ մեզի փոխանցեցին, որ մենք ալ մեր հերթին երթանք եւ փոխանցենք մեր շրջապատին:

Երկիր իմ Հայաստան: Ամէնէն կարեւոր բառը այս հաստատումին մէջ ես կը նկատեմ ԻՄ բառը: Մենք ուր որ ալ ըլլանք, որ երկրի քաղաքացի ալ ըլլանք, ինչ երկինքի տակ ալ որ ապրինք, միայն Հայաստանի համար ամբողջական ըմբռնումով կրնանք ըսել ԻՄ ԵՐԿԻՐՍ, ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ, ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆՍ: Եւ այդ է որ արձագանգեց այսօր՝ արտասանութեամբ, երգով եւ պարով:     

            Ես պահ մը կ’ուզեմ այս նախադասութիւնը պզտիկ բարեփոխութեան մը ենթարկել, անձնականաձնելով եւ իմ անձէս անդին փոխանցելով այս աշակերտ-աշակերտուհիներուն եւ ըսել. Վահան Թէքէեան վարժարանը ինծի համար, եւ վստահ եմ մեր աշակերտութեան համար եղաւ ԴՊՐՈՑ ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ  եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՄ ԴՊՐՈՑ:

Կար ժամանակ, երբ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով, մենք Հայաստան չէինք կրնար երթալ: Չկրցա՛նք երթալ: Ես առաջին անգամ Հայաստան գացի 1995 թուականին, բայց մեր դպրոցը, մեր եկեղեցին, մեր ընտանիքը, մեր միութիւնները եղան մեր Հայաստանը, բերին Հայաստանը մեզի եւ մեզ տարին Հայաստան:

Եւ այդ բոլորով, երբ մենք աճեցանք, կազմաւորուեցանք, կերտուեցանք, եւ օր մը Հայաստան գացինք, այն ատեն ըսինք «Երկիր իմ Հայաստան»: Եւ նոյնն է ընթացքը: Հայաստանը այսօր մեր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ ունի, Հայաստանը կը պատկանի մեզի եւ մենք կը պատկանինք Հայաստանին, եւ այդ պատկանելիութիւնը մենք այսօր անգամ մը եւս շեշտակիօրէն ապրեցանք այսօրուան այս փառատօնով:

Դարձեալ անձնականացնելու համար այս պահը, ես կը փափաքիմ երկու անուններ յիշել, որոնք ինծի համար՝ Վահան Թէքէեան Վարժարան երբ կ’ըսեմ, այս երկու անունները չեմ կրնար անջատել Վահան Թէքէեան վարժարանէն: Առաջինը՝ մեր անզուգական Պրն. Տնօրէն Երուանդ Պապայեանն է: Ես ինքզինքս բախտաւոր կը զգամ, որ այսպիսի տնօրէն ունեցած եմ, եւ առաւել բախտաւոր կը զգամ, որ Պրն. Պապայեանը ինծի համար միայն տնօրէն չէր, տնօրէն չեղաւ եւ նոյնիսկ յետմահու միայն տնօրէն չէ, այլ սրտակից է, հայր է եւ բարեկամ է: Երկրորդ անունը, որուն նաեւ ազգականական կապերով կապուած եղած եմ եւ ե՛մ. հոգաբարձութեան այդ օրերու ատենապետ՝ Տոքթ. Յարութիւն Եոզկաթեանն է:

Ես մտերմիկ շրջանակի մէջ ըսած եմ եւ այսօր այս բեմէն կը յայտարարեմ. Պրն. Պապայեան եւ Տոքթ. Եոզկաթեան, եթէ իմ կեանքիս մէջ ներկայութիւն չըլլային, ես ոչ Վահան Թէքէեան վարժարան պիտի գայի եւ ոչ ալ այսօր, թերեւս, այսպէս իմ ժողովուրդիս ծառայելու ծառայութեան պիտի լծուէի: Թող անմեռ մնայ իրենց յիշատակը եւ իրենց օրինակը մեր բոլորին դառնայ ներշնչարան:

Ես այս առիթով նաեւ իմ յարգանքի զգացումներս կը փոխանցեմ իմ բոլոր ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուս, անոնք որոնք յաւիտենական կեանքի մէջ են այսօր եւ անոնք որոնք այս սրահին մէջ են եւ մեզի հետ են, միշտ Վահան Թէքէեան վարժարանին հետ մնալով:

Ես կը հաւատամ, որ վահան Թէքէեան վարժարանը նաեւ այլ խորհուրդ մը կը բերէ այսօր, կապելով դպրոցը՝ նոյնինքն, դպրոցին անուան արժանի մեր մեծ բանաստեղծին՝ Վահան Թէքէեանին:

Անոնք որոնք կարդացած են վահան Թէքէեանին նամակները: Անոնք որոնք աւելի մօտէն սերտած են Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները, պիտի յիշեն, պիտի անդրադառնան, որ Վահան Թէքէեան մեզի նման մարդ էր, եւ որպէս մարդ յաճախ ափսոսանք արտայայտած է, որ ինք զաւակներ եւ թոռներ չէ ունեցած, բայց այսօր մենք կ’ըսենք վահան Թէքէեանին.  «Սիրելի՛  բանաստեղծ, ահաւասիկ զաւակներդ եւ թոռներդ, որոնք կը հետեւին քեզի, ինչպէս մենք հետեւեցանք, եւ Վահան Թէքէեան վարժարան ու Վահան Թէքէեան բանաստեղծ կը մնան կենդանի եւ կենդանացնող ներկայութիւն մեր հաւաքական կեանքին մէջ»:

Ապրի՛ք, եւ շարունակեցէ՛ք նոյն քաջարի ընթացքով, Լիբանանէն դէպի Հայաստան, դէպի Ղարաբաղ եւ դէպի աշխարհի բոլոր ծագերը, որովհետեւ մենք ենք երկիրը մեր, եւ երկիրը մերն է:

Կեցցէ՛ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին