Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
« Վասնզի Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ» Ղուկաս 13:31
« Քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» Ղուկաս 13:34
« …Եւ դուք չուզեցիք» Ղուկաս 13:34
Ղուկաս Աւետարանի տասնըերրորդ գլուխի մէջ, կը հանդիպինք այն վարկածին, երբ Քրիստոս կը ճամորդէր դէպի Երուսաղէմ։ Եւ հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ուխտագնացութի՞ւն։ Առաքելութի՞ւն։ Եւ հոն՝ նոյն այդ ճամբորդութեան ընթացքին եւ նոյն հատուածին 31-35 համարներուն մէջէն կը հանդիպինք երեք անգամ օգտագործուած «ուզել» բառին եւ տարբեր պարունակ-մարտահրաւէրներու դիմաց։ Առաջինը՝ երբ Փարիսեցիները կու գան Քրիստոսի՝ եւ նոյնինքն իր ճամբորդութեան առաքելութեան ընթացքին՝զգուշացնելով Քրիստոսի թէ՝ «Հերովդէս քեզ սպաննել կուզէ…»։ Բայց կար Քրիստոսի վճռակամ կեցուածքը՝«գացէք այդ աղուէսին ըսէք թէ ես դեւեր եւ բժշկութիւններ կը կատարեմ…» (Ղուկաս 31:32)։ Ի’նչ խօսք Քրիստոս իր առաքելութեան հրամայականին դիմաց երբեք պիտի չզիչեր Հերովդէսի «ուզածին» եւ ձգելով, որ իմմա դասալիք ըլլայ ու հեռանայ իր առաքելութենէն։ Իսկ Քրիստոսի առաքելութիւնը։ Կը բացատրուի հատուածին երկրորդ «ուզելու» գործածութեան մէջէն։ «Ով Երուսաղէմ…քանի անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի» (Ղուկաս 31:34)։ Բայց չուշացաւ երեւի Քրիստոսի յուսախաբութիւնը…։ Յուսահատութի՞ւնը…։ Եւ այս կու գայ երրորդ «(չ)ուզելու» մէջէն…։ «…Եւ դուք չուզեցիք» (Ղուկաս13:34)։ Եթէ Քրիստոս ուզեց՝ բայց անոնք իմմա Երուսաղէմ՝չուզեց։
Եւ հոս արժէ պահ մը կանգ առնել եւ բացատրել հատուածին մէջ գործածուած «ուզել» բառին բնագիրէն թարգմանուած հայերէնի հոմանիշը, բայց նաեւ ընկերալեզուաբանական ու մշակութային պարունակային բացատրութիւնը։
«Ուզել» բառին Յունարէն բնագիր-արմատը կուգայ Թելօ (Thelo): Թելօ բառին մէջ հայերէն բացատրութիւնը կրնայ ընդգրկել ուզել, փափաքիլ ու տակաւին ցանկալ։ Բայց նաեւ պատրաստ ըլլալ ու տակաւին վճռակամ՝ երթալու յառաջ եւ իրականացնելու համար նպատակ։
Եւ այս պարունակին եւ անոր բացատրութեան մէջէն է որ պէտք է տեսնել, թէ ինչպէս Հերովդէս «ուզեց» (թելօ) սպաննել Յիսուսը…։ Բայց Յիսուս եղաւ վճռակամ՝քանի «կուզէր» իրականացնել այն, որուն համար աշխարհ եկած էր եւ այս «բժշկութիւնները» ընելու համար։ Եւ եթէ Քրիստոս ուզեց «բուժել», բայց կար նաեւ դիմադրութիւնը։ «Չուզելու» այն՝ որ Քրիստոս կուզէր ընել։
Իսկ չուզե՞լը…։ Ան հասաւ մինչեւ այն վարկածին, ուր Քրիստոս ըսաւ,«ալ զիս պիտի չի տեսնէք» (Ղուկաս 31:35)։ Եւ անիկա չտեսնելը պիտի իրականանար խաչելութեան մէջէն։ Բայց հոն չմնաց ու չաւարտեցաւ…։ Այլ խաչելութենէն եւ մահուընէ ետք եկաւ յարութիւնը, ուր Քրիստոս շնորհեց մարդուն եւ աշխարհին Նոր Կեանքը, ուր կրցանք ըսել,-« Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կուգայ»։ Այսինքն՝ Նոր Կեանքի գիտակցութեան մէջէն,եթէ կուզենք «Տէրոջը անունովը» կրնանք ապրիլ։
Քրիստոս իր ճամբորդութիւնը-ուխտագնացութիւնը-առաքելութիւնը Երուսաղէմի՝ իմմա աշխարհի մէջ աւարտեց…։ Եթէ աշխարհ եկաւ ե’ւ իր «ուզելով», ե’ւ ապրեցաւ ու չարչարուեցաւ ե’ւ մահացաւ խաչին վրայ՝ դարձեալ իր «ուզելով» ու իր յարութեամբը մեզի շնորհեց Նոր Կեանք ու տակաւին իր «ուզելու» պատրաստակամութեամբ։
Եւ ընտրանքը մերն է։ Ուզե՞լ, թէ’ չուզել։
Աշխարհը այսօր տակաւին չէ սպառած անհատնում «Հերովդէսներէ», որոնք «կուզեն» սպաննել հաւատքին իրականութիւնը եւ հասկացողութիւնը մեր ազգային եւ ընդհանրական կեանքերուն մէջէն։ Եւ անոնք՝ «Հերովդէսները», ամէնայն վճռակամութեամբ կը միտին իրականացնել իրենց նպատակներ։ Բայց այդ բոլորին դիմաց՝ Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի հասկացողութիւնը տակաւին առկայ է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ դարձած։ Ան տակաւին ի զօրու է եւ ուժական։ Քրիստոսի յարութեամբ շնորհուած Նոր Կեանքը տակաւին կուզէ ու կրնայ ժողվել մարդութիւնը եւ նոյն ուժականութեամբ։
Եթէ աշխարհը պիտի շարունակէ կառչիլ իր «չուզելու» տրամադրութիւններուն մէջէն՝ յար եւ նման Երուսաղէմի…։ Եւ թէ Հերովդէսներ պիտի շարունակեն ուզել մեռցնելու համար Քրիստոսի հաւատքը եւ ուր մարդկային «տուներ՝ իմմա կեանքերը աւերակ ընելով (Ղուկաս13:34)…։ Եւ երեւի մխտեն մեզ, որպէսզի մենք՝մեր հաւատքէն «ելլենք եւ երթանք»(Ղուկաս13:31)՝ իմմա հեռանա՞նք ու փախչի՞նք…։ Երկչոտութեան հոգիով եւ անկէ մղուա՞ծ…։
Ներկայ օրերու այս բոլոր «թոհ ու փոհին» մէջէն ընտրանքը մերն է։
Ուզե՞լ, թէ չուզել։ Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութիւնը։
Այն կեանքը, որ կը մնայ «Օրհնեալ»։ Եւ որ կը դառնայ Արժէք։ Եւ որ կը շարունակուի՝անկախ բոլոր սպառնալիքներու։
Օրհնեալ, ուր մարդկային «տուներ» կը շինուին եւ ոչ թէ կը քանդուին։ Եւ այս անկախ բոլոր դժուառութիւններու եւ մեր կեանքերու մէջ դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։
Օրհնեալ, ուր մարդկային «կեանքեր» ունին ապահովութիւն՝ անկախ բոլոր անորոշութիւններէ եւ սպառնալիքներէ։ Հոս՝ երկրի վրայ, բայց նաեւ անդին…։ Փիզիքական կեանքէն դէպի յաւիտենականութիւն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։
Եւ այս յարութիւնն է եւ անոր շնորհած նոր կեանքն է, որ պիտանի է։ Եւ որ երբեք չի հիննար։ Ու տակաւին կը մնայ զօրաւոր։
Ուզե՞լ թէ չուզել։ Կուզե՞նք թէ չենք ուզեր…։
Քրիստոսի շնորհած Օրհնեալ կեանքը…։






