Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պէյրութի Օդակայանին Բարելաւումները Կը Շարունակուին Մինչեւ Յունիս 1. Հասան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի օդակայանին մէջ, ուղեւորներու փոխադրութեան բարելաւման աշխատանքները կը շարունակուին մինչեւ Յունիս 1: Այս մասին, Երեքշաբթի, լրագրողներուն յայտնած է Ներքին գործոց նախարար Ռայա Էլ-Հասան:

«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք լիբանանցի ժողովուրդին եւ արաբ զբօսաշրջիկներուն համար, որոնց առջեւ կը բանանք մեր սրտերը, մեր օդակայանն ու մեր քաղաքը եւ կ՝ողջունենք զիրենք ամենալաւ ձեւով»,- ըսած է Հանրային աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Եուսէֆ Ֆինիանոս՝ օդակայանին մէջ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին:

«Քաղաքացիները պէտք է գիտնան, որ մենք կը ծառայենք իրենց, եւ անոնք ընդհանրապէս պիտի զգան այդ տարբերութիւնը, երբ աշխատանքները աւարտին»,- ըսած է Ֆինիանոս:

 

Հասան հաւաստիացուցած է, որ շարունակուող աշխատանքները լիբանանցի ժողովուրդը պիտի ազատեն տառապանքներէն, հակառակ անցնող շաբթուան չափազանց խճողուած ծրագիրին։

Նշեալ ծրագիրին համար փակուած են 22 անձնագրային հսկողութեան կէտերէն հինգը, որոնք պիտի զարգանան «արագ ուղի» տարբերակով՝ նախանշելով առաջին եւ գործարար դասի ուղեւորներու առանձին կէտերը, որոնց շնորհիւ պիտի դիւրանայ ուղեւորներուն հոսքը:

Հասանի երէկուան ելոյթը հաստատած է օդակայանին տարածած յայտարարութիւնը, ըստ որուն նախագիծը պիտի աւարտի մինչեւ Մայիս 30:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին