«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խոստացած է Ֆրանսայի ժողովուրդին, որ հրդեհէն տուժած Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կը վերականգնուի: Այդ մասին, ինչպէս ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը յայտնած Է իրադարձութիւններու վայրէն Ֆրանսայի նախագահը լրագրողներուն յայտարարած Է տաճարի հրապարակին մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը:
«Ես հանդիսաւոր կերպով ձեզի կը խոստանամ, որ մենք պիտի վերականգնենք տաճարը: Ապրիլ 16-էն միջոցներու հանգանակութիւն կը սկսի ինչպէս Ֆրանսայի, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս»,- ըսած է Մաքրոն: «Այդ տաճարը Ֆրանսայի պատմութեան մասն Է: Մենք կը հպարտանանք անով, մենք կրցանք զայն կանգնեցնել աւելի քան 800 տարի առաջ, մենք զայն բարելաւած եւ լրակառուցած ենք դարեր ի վեր»,- յիշեցուցած է ան:
«Ես հանդիսաւոր կը խոստանամ, որ այդ նախագիծը կ’իրականացուի յառաջիկայ տարիներուն: Մենք անոր համար գործի կը դնենք լաւագոյն տաղանդներ, անոնք շատ պիտի ըլլան, անոնք արժանի աւանդ պիտի ներդնեն վերականգնման գործին մէջ»,- աւելցուցած Է Մաքրոն: «Մենք պիտի վերականգնենք Փարիզի Աստուածամօր տաճարը. Այդ մէկը մեզմէ կը սպասեն ֆրանսացիները, անիկա մեզմէ կը պահանջեն մեր պատմութիւնն ու մեր ճակատագիրը»,- ընդգծած Է Մաքրոն: Ան տաճարի մէջ մոլեգնած հրդեհը համարած Է «իսկական ողբերգութիւն»:






