Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ 14 Միլիոն Տոլարի Սարքեր Կը Մատակարարէ Լիբանանեան Բանակին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Միացեալ Նահանգները Լիբանանի բանակին յանձնած է 14.3 միլիոն տոլար արժող ռազմական սարքեր։ Այս մասին, Twitter-ի իր էջով յայտնած է Լիբանանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը։

Դեսպանատունը յայտարարած է, թէ գիշերային տեսողութեան սարքեր, ռատիոներ եւ այլ պարագաներ, որոնք կը գնահատուին 14.3 միլիոն տոլարով, մաս կը կազմեն ԱՄՆ-ի կողմէ բանակին տրամադրուող մշտական օժանդակութեան:

Այս ամսուան սկիզբը՝ Բանակը Ուաշինկթընէն ստացած է վեց ինքնաթիռային համակարգ:

2006-էն ի վեր ԱՄՆ-ն Բանակին տրամադրած է աւելի քան 2 միլիառ տոլարի օգնութիւն:

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնակատար Ռոպըրթ Փալատինօ, անցեալ ամիս, AFP- ին ըսած էր, թէ վարչապետ Ս. Հարիրին եւ ԱՄՆ Պետական քարտուղար Մայք Պոմպէոն, վերջինիս Պէյրութ կատարած այցին ընթացքին՝ քննարկած են ԱՄՆ-լիբանանեան անվտանգութեան գործընկերութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը: Ըստ Փալատինոյի՝ անոնք նաեւ խօսած են Լիբանանի օրինական պետական անվտանգութեան հաստատութիւններուն, յատկապէս Լիբանանի զինուած ուժերուն շարունակական աջակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին