Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ֆրանսայի Նախագահը Խոստացաւ Վերականգնել Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խոստացած է Ֆրանսայի ժողովուրդին, որ հրդեհէն տուժած Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կը վերականգնուի: Այդ մասին, ինչպէս ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը յայտնած Է իրադարձութիւններու վայրէն Ֆրանսայի նախագահը լրագրողներուն յայտարարած Է տաճարի հրապարակին մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը:

«Ես հանդիսաւոր կերպով ձեզի կը խոստանամ, որ մենք պիտի վերականգնենք տաճարը: Ապրիլ 16-էն միջոցներու հանգանակութիւն կը սկսի ինչպէս Ֆրանսայի, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս»,- ըսած է Մաքրոն: «Այդ տաճարը Ֆրանսայի պատմութեան մասն Է: Մենք կը հպարտանանք անով, մենք կրցանք զայն կանգնեցնել աւելի քան 800 տարի առաջ, մենք զայն բարելաւած եւ լրակառուցած ենք դարեր ի վեր»,- յիշեցուցած է ան:

«Ես հանդիսաւոր կը խոստանամ, որ այդ նախագիծը կ’իրականացուի յառաջիկայ տարիներուն: Մենք անոր համար գործի կը դնենք լաւագոյն տաղանդներ, անոնք շատ պիտի ըլլան, անոնք արժանի աւանդ պիտի ներդնեն վերականգնման գործին մէջ»,- աւելցուցած Է Մաքրոն: «Մենք պիտի վերականգնենք Փարիզի Աստուածամօր տաճարը. Այդ մէկը մեզմէ կը սպասեն ֆրանսացիները, անիկա մեզմէ կը պահանջեն մեր պատմութիւնն ու մեր ճակատագիրը»,- ընդգծած Է Մաքրոն: Ան տաճարի մէջ մոլեգնած հրդեհը համարած Է «իսկական ողբերգութիւն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին