Հինգշաբթի, 07. 12. 2023

spot_img

Տասը Կուսանացի Ժամերգութիւն Ս․ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ՝ աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասը կուսանաց ժամերգութիւն։

Աւարտին սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը։ «Արթուն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը» բնաբան առնելով, սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը ակնարկեց տասը կոյսերու առակին` աւելցնելով, որ շատ յստակ է մանաւանդ առակին եզրակացութիւնը, որ մեզ կը հրաւիրէ արթուն մնալու։ Սրբազանը ըսաւ, որ կեանքի մէջ մենք յաճախ կը լսենք  «արթուն եղէք» խօսքը մեր տուներուն եւ դպրոցներուն մէջ, շուկայի վրայ երբ մարդիկ չեն ախորժիր թմրած մարդիկ տեսնելէ եւ կը յիշեցնեն, որ արթուն մնան աւելցնելով, որ երբեմն ալ հակառակը կը լսենք` «քնացէք», «մի՛ արթննաք»։

Սրբազանը յայտնեց, որ մեր կեանքը այս երկու ուղղութիւններուն մէջ կ՛ընթանայ եւ ամէն բանի ժամանակը կայ՝ արթուն մնալու եւ քնանալու։ «Մարդ արարածին իմաստութիւնը այս ժամանակը ճիշդ տեսնելու եւ գնահատելու մէջ կը կայանայ», հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս` նկատել տալով, որ առակը յստակ կերպով կ՛ընդգծէ, թէ տասը աղջիկներ հարսանիքի հրաւիրուած էին եւ անոնցմէ հինգը հեռատեսութիւնը եւ իմաստութիւնը ունեցան աւելորդ ձէթ առնելու, որպէսզի եթէ պատահեր, որ փեսան ուշանայ՝ իրենց լապտերները չմարէին, իսկ միւս հինգը անհոգ գտնուելով բաւարարուեցան իրենց ունեցած ձէթով եւ դժբախտաբար փեսան ուշացաւ. եւ անոնք փոխանակ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու հարսանիքին վրայ աճապարելով գացին, որ նոր ձէթ բերեն եւ այդ պահուն փեսան եկաւ եւ անոնք, որոնք հինգ վառած լապտերներ ունէին, փեսային հետ հարսանիքի մտան եւ միւսները զրկուեցան հարսանեկան ուրախութենէն եւ հետեւաբար չկրցան գիտնալ երբ արթուն պէտք է մնան եւ երբ քնանան։

Նարեկ արքեպիսկոս ըսաւ, որ մեր կեանքը եւս անակնկալներով լեցուն է եւ այդ անակնկալներուն միշտ պատրաստ գտնուելու համար մենք արթուն պէտք է ըլլանք աւելցնելով, որ մեր մարդկային կեանքն ալ այդպէս եղած է այլեւս քիչ մը ամէն տեղ, օրէնքները յարաբերական դարձած են եւ մարդիկ իրենք կը ճշդեն ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ իրենց յարմարող ուղղութեամբ կ՛առաջնորդուին։ Շարունակելով իր խօսքը առաջնորդը ըսաւ, որ կեանքի մէջ արթուն ըլլալը ամէն բանէ առաջ հոգիի արթնութիւնն է աւելցնելով, որ երբ մէկու մը հոգին, ներաշխարհը խաղաղ է ան անպայման արթուն կ՛ըլլայ։ Հոգիի խաղաղութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ միտքի արթնութեան եւ հոգիի եւ միտքի արթնութիւնը մեզ կ՛առաջնորդեն ֆիզիքական արթնութեան եւ երբ այս բոլորը ունինք, մենք կրնանք մեր կեանքը ներդաշնակօրէն ապրիլ, թէ՛ որպէս անհատներ եւ թէ՛ որպէս հաւաքականութեան պատկանող անձեր։

Սրբազանը բացատրեց, որ Յիսուս այս առակը կրնար պատմել մէկ իմաստուն եւ մէկ յիմար կոյսի օրինակը տալով, սակայն ան խումբերու բաժնեց որպէսզի մեզի ցոյց տայ, որ խմբական կեանք եւ խմբական աշխատանք է մեր կեանքը, մենք մեր կեանքը առանձին չենք ապրիր եւ կը պատկանինք հաւաքականութեան մը, որ մեր պարագային հայ քրիստոնէական ընտանիքն է եկեղեցիին, տունին, դպրոցին, ակումբին մէջ եւ ամէն տեղ։ Սրբազանը իր քարոզի բնաբանին ականարկելով բացատրեց, որ Քրիստոս յստակօրէն կը պատգամէ մեզի արթուն մնալ, որովհետեւ մենք չենք գիտեր, թէ ինք երբ պիտի գայ։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոսի գալուստը եկեղեցւոյ մէջ միշտ յատուկ լուսարձակի տակ դրուած է եւ Ծաղկազարդին նախորդող կիրակին մենք կը տօնենք Քրիստոսի գալուստը՝ «Գալստեան կիրակի»-ն եւ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան։ Ծաղկազարդով մենք կը տօնենք Քրիստոսի Երուսաղէմ գալուստը։ Դռնբացէքով եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ եւ այս անգամ որպէս արդար դատաւոր՝ դատելու համար բոլորս, իսկ այսօր եկեղեցին անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոս պիտի գայ, որպէսզի գիտնայ թէ մեզմէ որոնք յիմար են եւ որոնք իմաստուն։ «Քրիստոնէական կեանքը նախապատրաստութիւն է Քրիստոսի երկրորդ գալստեան։ Մենք միայն այս աշխարհի վրայ երկրաւոր տեւողութեան մէջ չէ որ կ՛ապրինք, այլ՝ հրաւիրուած ենք յաւիտենական կեանքը ժառանգելու եւ տասը կոյսերուն առակը կու գայ մեզի սորվեցնելու, թէ մեր կեանքին մէջ միմիայն այդ ժառանգութիւնը մենք կրնանք ապահովել, եթէ մնայուն եւ շարունակական կերպով արթուն մնանք հոգեպէս եւ իմացապէս», շեշտեց առաջնորդը աղօթելով, որ սոյն առակը յիշենք եւ գործադրենք, արթուն մնանք Քրիստոսով ու առաջնորդուինք Քրիստոսի լոյսով. ապա ան հրաւիրեց հինգ կոյսերը որպէսզի իրենց մոմերը վառեն միւս հինգ կոյսերու մոմերէն շեշտելով, որ լոյս ունեցողը չի՛ կրնար զայն ինքզինքին պահել, լոյսը ճառագայթելով, բաշխուելով, լուսաւորելով լոյս կը դառնայ. հետեւաբար, այս առակը կը սորվեցնէ, նաեւ մեր լոյսը բաժնել ուրիշներուն եւ աւելի լոյս հայթայթել այս մութ աշխարհին մէջ։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին