«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի օդակայանին մէջ, ուղեւորներու փոխադրութեան բարելաւման աշխատանքները կը շարունակուին մինչեւ Յունիս 1: Այս մասին, Երեքշաբթի, լրագրողներուն յայտնած է Ներքին գործոց նախարար Ռայա Էլ-Հասան:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք լիբանանցի ժողովուրդին եւ արաբ զբօսաշրջիկներուն համար, որոնց առջեւ կը բանանք մեր սրտերը, մեր օդակայանն ու մեր քաղաքը եւ կ՝ողջունենք զիրենք ամենալաւ ձեւով»,- ըսած է Հանրային աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Եուսէֆ Ֆինիանոս՝ օդակայանին մէջ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին:
«Քաղաքացիները պէտք է գիտնան, որ մենք կը ծառայենք իրենց, եւ անոնք ընդհանրապէս պիտի զգան այդ տարբերութիւնը, երբ աշխատանքները աւարտին»,- ըսած է Ֆինիանոս:
Հասան հաւաստիացուցած է, որ շարունակուող աշխատանքները լիբանանցի ժողովուրդը պիտի ազատեն տառապանքներէն, հակառակ անցնող շաբթուան չափազանց խճողուած ծրագիրին։
Նշեալ ծրագիրին համար փակուած են 22 անձնագրային հսկողութեան կէտերէն հինգը, որոնք պիտի զարգանան «արագ ուղի» տարբերակով՝ նախանշելով առաջին եւ գործարար դասի ուղեւորներու առանձին կէտերը, որոնց շնորհիւ պիտի դիւրանայ ուղեւորներուն հոսքը:
Հասանի երէկուան ելոյթը հաստատած է օդակայանին տարածած յայտարարութիւնը, ըստ որուն նախագիծը պիտի աւարտի մինչեւ Մայիս 30:






