ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Մարաղայի Կոտորածէն 27 Տարի Անցած Է. Մեղաւորները Դեռ Անպատիժ Են
27 տարի առաջ, 1992 թուականի Ապրիլ 10-ին Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակի կողմէն իրականացուեցաւ Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղի հայ բնակչութեան կոտորածը՝ Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղին մէջ։ Զոհուած է մօտ հինգ տասնեակ հայ բնակիչ, ողջ մնացած մարաղացիները ցրուած էին տարբեր բնակավայրեր: Հրադադարի հաստատումէն ետք Մարաղան մնաց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Մարաղացիներու մէկ մասը վերադարձաւ եւ սահմանէն ու հին Մարաղայէն ոչ հեռու Նոր Մարաղան հիմնադրեցին: Ամէն տարուայ պէս՝ այս տարի ալ 1992-ի Ապրիլ 10-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպուած է Մարաղայի մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ներկայացուցիչները:
Արդէն 25 տարի է՝ Ապրիլ 10-ին մարդաշատ կը դառնայ Նոր Մարաղայի գլխաւոր հրապարակը: Գիւղի բնակիչներն ու հիւրերը կը հաւաքուին՝ յարգելու 1992-ի Ապրիլ 10-ին ցեղասպանուած համագիւղացիներու յիշատակը:
Անգամ 27 տարի անց՝ 1992- ապրիլեան դժոխքի ականատեսները բառեր չեն գտներ տեսածն ու ապրածը նկարագրելու համար: Նախորդ օրերու հրետակոծութիւններու պատճառով՝ բնակիչներու մեծ մասը դուրս ելած էր Մարաղայէն: Ապրիլ 10-ի հրետակոծութիւնն ալ պակասը լրացուց: Գիւղի մէջ մնացին միայն անոնք, ովքեր անկարող էին հեռանալ: Անոնք ալ դարձան ատրպէյճանցիներու վայրագութիւններու զոհերը: Ատրպէյճանական ուժերը Մարաղայի մէջ մի քանի ժամ մնացած են: Ապրիլ 11-ին գիւղը ազատագրուած էր, գիւղացիները վերադարձան՝ կորսուած հարազատները գտնելու: Տեսածը զարհուրելի էր,- «Ճանապարհին Ալիկի դիակը տեսայ՝ ճակատին կրակած: Վարդանեան Պորիկի գլուխը չկար: Ինքն ալ վառած: Կօշիկներով ճանչցայ: Դէոտ Զապէլան՝ թանկի տակ ճլխած էր»,- կը յիշէ Մարաղայի բնակիչներէն Ժաննա Պետրոսեանը: «Դուրս եկայ տեսայ արիւնը լճածաց: Մարդոց գլուխը կտրած: Արցունք մը չենք կրցած թափել: Քարացած էինք»,- 27 տարի անց ալ տեսածը առանց սարսափի չի կրնար յիշել Էլիզա Պօղոսեանը:
1992-ի Ապրիլ 10-ին Մարաղայի հայ բնակիչներէն 50 հոգի դաժանաբար սպաննուեցան, անոնց շարքին՝ 30 կին, իսկ միւսները՝ 29 կին եւ 9 երեխայ, պատանդ վերցուցած են: 19 հոգիի ճակատագիրը առայսօր անյայտ է: Անոնց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն նաեւ Արցախի համալսարաններու ուսանողներ մասնակցած են, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Մարաղա գալու նպատակն ալ կարճ կը բնութագրեն. «Եկած ենք աշխարհին ապացուցելու, որ այստեղ ցեղասպանութիւն եղած է»,- կ’ընդգծէ Ստեփանակերտի Գր. Նարեկացի համալսարանի ուսանող Անժելինա Առստամեան: Այս գնահատականը Քերոլայն Քոքսը դեռ 1992-ին տուած էր: Մարաղայի ողբերգութեան հերթական տարելիցին յայտարարութիւններ տարածած են Արցախի արտաքին գործերու նախարարութիւնն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Արցախի մէջ միջազգային հանրութեան գնահատականը կ’ակնկալեն: Առայժմ, Մարաղայի ողբերգութիւնը իւրովի գնահատած է միայն Ատրպէյճանը: Կոտորածը իրականացուցած «Գուրթուլուշ» գումարտակի հրամանատար Շահին Թալիպ օղլի Թակիեւը ստացած է «Ատրպէյճանի Ազգային Հերոս» կոչում։
1994թ., երբ հրադադար հաստատուեցաւ, Մարաղան մնաց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Առ այսօր ալ Մարաղան կը մնայ սահմանի միւս կողմը: 1994-95 թուականներուն Մարաղայի խումբ մը բնակիչներ սահմանի հարեւանութեամբ Նոր Մարաղա բնակավայրը հիմնադրեցին: Սակայն այնտեղ Մարաղայի ոչ բոլոր բնակիչներն են հաւաքուած: Եթէ ժամանակին Մարաղայի մէջ աւելի քան 4000 հայ կ’ապրէր, ապա Նոր Մարաղան այսօր մօտ 450 բնակիչ ունի:
Շուշի–Ստեփանակերտ Ճանապարհը Կը Դառնայ Եասամաններու Ծառուղի
Տուշման Վարդանի Երազանքը Պիտի Իրականանայ
Տուշման Վարդանը Ստեփանակերտէն Շուշի հասաւ զէնքով, 1992-ի Մայիսին: Երազանքը, սակայն այլ էր, կը յիշէ Զարիկ մայրիկը: «Կ’ըսէր` Ստեփանակերտէն Շուշի եասամաններ պիտի տնկեմ: Իսկ Շուշիի գերեզմաններու մէջ թուրքերը ծառեր տնկած են, որ գերեզմանները քանդեն: Խումբ մը պիտի հաւաքեմ, ծառերը հանեմ, քարերն ալ ուղղեմ»,- կը պատմէ հերթական անգամ Արցախ հասած տիկին Զարիկը:
Վարդանը չհասցուց: Անոր երազանքը կեանքի կոչելու գաղափարը համախմբեց, Արցախ հասցուց խումբ մը երիտասարդներ: Ֆէյսպուքեան նախաձեռնութիւնը սկսած է Երեւանէն: Երիտասարդներու խումբ մըն ալ Արցախի մէջ հաւաքուած է: «Այստեղ Հայաստանի տարբեր մարզերէն կան մարդիկ եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ: Երբ որ կայ նպատակ, պէտք է իւրաքանչիւր հայ մարդ դառնայ այդ գաղափարի կրողը, գայ եւ այդ հարցը միասնական լուծուի»,- կ’ընդգծէ նախաձեռնութեան մասնակիցներէն ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեան: «Ասիկա կը հաստատէ, որ հայութիւնը միասնական է ոչ միայն պատերազմի ժամանակ, այլեւ հայրենիքը շէնցնելու գործի մէջ ալ»,- կը հաստատէ Արցախի «Հայկի Սերունդ» երիտասարդական-հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմինէ Պետրոսեան:
Երիտասարդներու նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Արցախի նախագահը: Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհին առաջին եասամաններէն մէկը Բակօ Սահակեանը տնկած է՝ տիկին Զարիկի հետ: Տուշման Վարդանի քոյրը՝ Արմենուհին, յուզումը չի թաքցներ: Արցախի մէջ եղբօր ներկայութիւնը ամէն տեղ կը զգայ: «Մարդու երազանքը կը կատարուի, երբ ինքը ֆիզիքապէս չկայ: Բայց ինքը միշտ ալ կայ: Անոր ներկայութիւնը առաւել քան ակնյայտ է: Ասիկա մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ Վարդանը կ’ապրի բոլորիս մէջ: Արցախի մէջ ես Վարդանի ներկայութիւնը ամէն տեղ կը տեսնեմ»,- յուզումը չթաքցուց Վարդան Ստեփանեանի քոյրը` Արմենուհի Ստեփանեան:
Առաջին փուլին երիտասարդները Ստեփանակերտ-Շուշի ճանապարհի երկայնքով 150 եասաման տնկեցին: Նոյն ծրագիրով, նոյն վայրի մէջ կը հանդիպին յաջորդ տարի: Եւ այսպէս՝ մինչեւ Վարդանի երազանքը իրականանայ՝ Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհը եասամաններու ծառուղի դառնայ:
COIFA-Ի Եւրոպայի Առաջնութեան Ընդառաջ.
Արցախի Մէջ Կը Նախապատրաստուին
COIFA-ի Եւրոպայի առաջնութեան ընդառաջ՝ Արցախի մէջ նախապատրաստական աշխատանքները վճռական փուլի մէջ կը մտնեն: Այս պահուն հիմնական ընելիքը շինարարներունն է: Պետական նախարարն ու քաղաքաշինութեան նախարարները շրջած են շինհարթակներու վերածուած չորս մարզադաշտերով եւ ստացած հաւաստիացումներ, որ ամէն ինչ պիտի ընեն աշխատանքները ժամանակին աւարտելու համար:
Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտը, որ 10 հազար հանդիսատեսի համար է նախատեսուած, Յունիս 1-էն COIFA-ի Եւրոպայի առաջնութեան գլխաւոր հանդիպումներու հասցէն պիտի դառնայ: Շինարարները կը փութան աւարտին հասցնել նախապատրաստական աշխատանքները, որոնց ընթացքին կը ծանօթանան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանն ու քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը: Արդէն մի քանի ամիս է՝ մարզադաշտը շինհարթակի վերածուած է, փոփոխութիւնները ակնյայտ են մինչ մարզադաշտ մտնելը: Երկրորդ մուտքը կը բարեկարգուի: Մուտքին կից մեքենաներ կայանելու տեղ կը կահաւորուի: Ամիսներ առաջ երկրոդ մուտքի կողքին մեկնարկած շինարարութիւնը աւարտին կը մօտենայ: Կը կառուցեն լրացուցիչ հանդերձարաններ, լրատուամիջոցներու համաժողովներու հատուած, մրցավարական սենեակ, կը պատմէ եւ ցոյց կու տայ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Ասկերանի քաղաքային մարզադաշտն ալ շինարարներու տիրապետութեան յանձնուած է: Լրացուցիչ հանդերձարաններ՝ երկու խումբի համար, մրցավարական սենեակ: Անոնց շինարարութիւնը արդէն աւարտին կը մօտենայ: Նստատեղերն ալ կ’ընդլայնուին. Աւելի քան 500 տեղ կունենան: Ելեկտրոնային ցուցատախտակն ալ նոր հնարաւորութիւններ կ’ունենայ: Զուգահեռ՝ տարածքի բարեկարգման աշխատանքները կը շարունակուին: Ասկերանի փոխքաղաքապետ Հայկ Շամիրեան, որ նաեւ շրջանի ֆութպոլի հաւաքականի աւագն է, համոզուած է` նոր հնարաւորութիւններով ու նոր տեսքով մարզադաշտը պիտի նպաստէ, որ այս սիրուած մարզաձեւը աւելի գրաւիչ դառնայ շրջանի պատանիներուն համար:
Մարտակերտի «Վիգէն Շիրինեանի անուան մարզադաշտ«-ի աշխատանքները իրականացնելու ընթացքին թանկ է իւրաքանչիւր վայրկեան: Կապալառու ընկերութեան` Շինվեր Պլիւս ՍՊԸ տնօրէն Նորայր Յարութիւնեան ընելիքները կը թուարկէ եւ կը շարունակէ՝ մէկ խումբն ալ զբաղած է խոտածածկի խնամքով: Աշխատանքներու այդ հատուածը Վլատիմիր Անդրեանը կը ղեկավարէ: Մարզադաշտը գիտէ սենթիմեթր առ սենթիմեթր: Կը Վստահեցնէ՝ առաջնութեան ընդառաջ խաղադաշտը իդէալական վիճակի մէջ պիտի ըլլայ:
Եթէ Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններու մէջ կառավարութեան հետ աշխատանքներու համար միջոցներ կը յատկացնէ նաեւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը, ապա Մարտունիի մարզադաշտի կառուցման կ’աջակցի Վլադիմիր Աւագեանը: Նորակառոյց մարզադաշտը արհեստական խոտածածկ կունենայ՝ անոր հովանաւորութեամբ: Անիկա իրականացնելու համար մասնագիտացուած կազմակերպութիւն հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութենէն: Ընկերութեան ղեկավարը կը վստահեցնէ՝ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան դաշտ պիտի ըլլայ: Մարտունիի մարզադաշտի մէջ եւս շինարարութեան, բարեկարգման աշխատանքները աւարտական փուլ կը մտնեն: 1160 տեղանոց նստատեղերը արդէն գրեթէ պատրաստ են: Տարածքի բարեկարգումն ալ կը շարունակուի:
Նախագահի յանձնարարականով՝ Մայիս 15-ը վերջնաժամկէտ սահմանուած է բոլոր շինարարներու համար: COIFA-ի Եւրոպայի առաջնութեան համար նախատեսուած բոլոր 4 մարզադաշտերուն մէջ շինարարական աշխատանքները պէտք է աւարտին Մայիսի կիսուն:
Ստեփանակերտ