«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային խորհրդակցութիւն իրականացուցած է ՀՀ նախարարներու, պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու, Երեւանի քաղաքապետի, Կեդրոնական դրամատան եւ վարչապետի աշխատակազմի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է վարչապետի կողմէն` ՀՀ կառավարութեան Փետրուար 15-ի նիստին տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը: Յանձնարարականները կը վերաբերէին տնտեսական յեղափոխութիւնը խթանող միջոցառումներուն: Շահագրգիռ գերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու ղեկավարները ներկայացուցած են ըստ իրենց ոլորտներու իրականացուող աշխատանքները, միջանկեալ արդիւնքները եւ յառաջիկայ ընելիքները:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է՝ կառավարութեան նպատակը աշխատասէր, ստեղծագործ եւ օրինապահ քաղաքացին խթանելն է, գործադիրը իր ունեցած գործիքակազմով պէտք է աշխատի այդ ուղղութեամբ՝ հնարաւորինս արագ, դիւրին եւ արդիւնաւէտ:
Ձեռնարկուող միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ ընդհանրապէս տնտեսական յեղափոխութիւնը յաջողցնելու համայնապատկերին մէջ վարչապետը կարեւորած է գործընթացներու թուայնացումը, ընթացակարգերու յստակ սահմանումը եւ այս ուղղութիւններով ճշգրիտ արդիւնքներու միտուած քայլեր իրականացնելու յանձնարարականներ տուած պատասխանատուներուն:
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է շարունակել միջգերատեսչական համակարգուած աշխատանքը եւ պարբերաբար զեկուցած աշխատանքներու ընթացքի մասին:






