Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը պատրաստակամութիւն յայտնած է երրորդ անգամ հանդիպում ունենալ Տոնալտ Թրամփի հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ըն յայտնած է, որ կը ցանկար մասնակցիլ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ երրորդ գագաթնաժողովին, սակայն միայն այն պարագային, երբ ԱՄՆ ցուցաբերէ «ճիշտ վերաբերում»: «Արմէնպրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ BBC-ն:

Այս մասին յայտնած է Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատուական գործակալութիւնը: Իր ելոյթի մէջ ան կոչ ըրած է Թրամփին կնքել գործարք մը, որ երկու երկիրներու համար արդար եւ երկկողմանի ընդունելի ըլլայ: 

Երկու առաջնորդները առաջին անգամ հանդիպած էին Սինկափուրի մէջ անցեալ տարի: Իսկ երկրորդ հանդիպումը Փետրուարին Հանոյի մէջ տապալուած էր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին