ԱՆԺԷԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ
Երիտասարդ նկարչուհի Անուշ Աւետիսեան, որուն աշխատանքները կը ցուցադրուին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրոպայի մէջ, ան կը դասաւանդէ արուեստի եւ հանրակրթական դպրոցներէն ներս: Նկարչուհին իր գիտելիքներն ու հմտութիւնները կը փոխանցէ աշակերտներուն՝ դասեր իրականացնելով նաեւ Nova Arts Gallery & Wine ցուցասրահ-սրճարանի մէջ, ուր ցուցադրուած են անոր կտաւները:
«Կը ստեղծագործեմ աւելի քան տասը տարի: Ինծի կը թուէր` պարզապէս կը սիրեմ նկարել, սակայն եկաւ շրջան մը, երբ հասկցայ, որ առանց արուեստի չեմ կրնար, անընդհատ պէտք է աշխատիմ, պէտք է նկարեմ եւ այլ տարբերակ չունիմ:
Աւարտած եմ Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէճը, այնտեղ ինծի դասաւանդած են հրաշալի դասախօսներ Խաչատրեան, Ղազարեան, Մկրտչեան եւ այլք»,-պատմեց նկարչուհին:
Ան շեշտեց, որ արուեստը ինքնին կեանք է եւ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի սիրել կեանքը, արժեւորել զայն: «Ամէն անգամ երբ կը նկարեմ տրամադրութիւնս ու հոգեվիճակս կը փոխուին, կը ձերբազատուիմ ճնշուածութենէ: Կան մարդիկ, որոնք յատուկ այդ նպատակով կը սորվին նկարել: Անիկա եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ արուեստը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ մարդու վրայ»,- ընդգծեց Աւետիսեան:
Նկարչուհիի խօսքով՝ արուեստը այն է, երբ նոյնիսկ անհասկանալի պատկերներով ստեղծագործութիւնները տարբեր յոյզեր, տրամադրութիւններ կ’արթնցնեն: «Ես պարզ, դրական, վառ գոյներով կ’աշխատիմ: Չեմ սիրեր, երբ կտաւը մութ է ու բացասական զգացումներ կը հաղորդէ: Կը ոգեշնչուիմ Փիքասոյէն, Մոտիլիանիէն: Անոնց ժամանակաշրջանի մասին պատմող ֆիլմերէն կ’երեւի, թէ ինչ պայքար կը մղեն նկարիչները լաւագոյնը ըլլալու համար: Եթէ մարդը յաջողութիւններու հասնելու ձգտում, ցանկութիւն ունի, անպայման ձեռքբերումներ կ’ունենայ, բայց մեր երկրի մէջ քիչ մը դժուար է. պէտք է շատ-շատ աշխատիլ ու պայքարիլ, որ բան մը ստացուի»,-անկեղծացաւ նկարչուհին:
Անդրադառնալով դասաւանդելուն՝ Անուշ պատմեց, որ ցուցահանդէսներէն մէկուն ժամանակ իր աշխատանքները շատ հաւանած են եւ զինք հրաւիրած են դասաւանդելու: «Տարիներու ընթացքին հմտացայ այդ գործի մէջ եւ հասկցայ, որ հնարաւոր է ե՛ւ ստեղծագործել, ե՛ւ սորվեցնել: Թէ՛ աշակերտներէն բան մը կը քաղես, թէ՛ դուն անոնց կու տաս, բացայայտումներ կ’ընես. զիրար կը լրացնենք: Ներկայիս 15 սան ունիմ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ստեղծագործէ իւրովի»,-նշեց Անուշ: Ան ըսաւ, որ շուտով աշակերտներու հետ պիտի նկարեն Շառլ Ազնաւուրի երաժշտութեան ներքոյ: «Կ’ուզեմ, որ մեծն շանսոնյէի ստեղծագործութիւնները ոգեւորեն երեխաները: Դասերուն մասնակցելու համար կրնան դիմել բոլոր ցանկութիւն ունեցողները»,-յայտնեց Անուշը:
Նկարչուհիի աշակերտները, որոնք խանդավառութեամբ կը կատարէին իրենց յանձնարարութիւնները, ըսին, որ կը սիրեն ստեղծագործել եւ նորովի կ’ընկալեն աշխարհը՝ գունեղ ու վառվռուն:
Տասնամեայ Նազելին պատմեց, որ փոքր ժամանակ մայրը զինք տարած է ցուցահանդէս, ուր շատ գեղեցիկ կտաւներ տեսած է: «Որոշեցի նկարչուհի դառնալ: Ընկեր Անուշը ինծի կը սորվեցնէ աւելի լաւ նկարել: Երբեմն որոշ բաներ չեն ստացուիր, եւ ան կը դժգոհի, սակայն ես տունն ալ կ’աշխատիմ՝ բացերը լրացնելու համար»,-խոստովանեցաւ ապագայ նկարչուհին:
Տասնամեայ Նռանէն ըսաւ, որ բնապատկերներ կը սիրէ: «Հիմնականօրէն կը նկարեմ այն, ինչ կ’երեւակայեմ: Կը կարդամ հէքիաթներ, կը դիտեմ ֆիլմեր ու հերոսներս կը պատկերեմ»,-նշեց ան:
11-ամեայ Լիանան ալ անկեղծօրէն ըսաւ, որ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան այցելելէն ետք որոշած է նկարչուհի դառնալ, իսկ իննամեայ Սամուէլը, հակառակ անոր, որ լաւ կը նկարէ, բայց կը ցանկայ բժիշկ, ոստիկան կամ ջութակահար դառնալ:
Լուսանկարները՝ Տաթեւ Դուրեանի
«Արմէնփրես»