Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Միջազգային Դատարանի Վճիռը Մօ՞տ Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Միջազգային դատարանի Լիբանանի պաշտօնական ներկայացուիչը, որուն յանձնարարուած է վերանյիլ Նախագահ Հարիրիի եւ անոր ընկերներու սպանութեան հարցը, յայտարարած է։

Ռամատանի կարծիքով Հարիրիի եւ անոր ընկերներու սպանութեան վերաքննութիւնը յանձն առած առաջին դատարանը զգուշութեամբ կը վերլուծէ իր արձակելիք վճիռը, փաստերն ու մեղադրանքները, որոնք կը վերաբերին՝ կողմերուն,  իրաւական ներկայացուցիչներու, տուժողներուն եւ  մրցակցող կողմերու։ Ան կը շարունակէ գործել հնարաւորինս արագ  եւ հրապարակային վճիռը պիտի ներկայացնէ՝ յայտարարելով մեղադրեալ եւ անմեղ կողմերը, հիմք ընդունելով մեղադրեալի իրաւունքներն  ու արդար դատաստանը, որ ունի համաշխարհային ճանաչում, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դատական համակարգը, անոր յատուկ օրէնքներն ու գործընթացները։ Այդ բոլորի մասին պիտի տեղեկանան լրատուամիջոցներն ու հանրային կարծիքը՝ վճիռը արձակուելու թուականին։  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին