Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հսկումի Ժամերգութիւն Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ Մշակներու Հոգիներուն Համար (լուսանկարներ)

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի երէկ՝ ուրբաթ 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6։30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար։

«Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» ըսաւ սրբազան հայրը իր պատգամի սկզբնաւորութեան աւելցնելով, որ մեծ պահքի այս վերջին ժամերգութեան ընթացքին ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամին յարմար նկատած է, որ մեր իմացական եւ հոգեւոր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք հայ մամուլի տարուան առիթով բոլոր այն երախտաւորներուն յիշատակին վրայ, որոնք հայ մամուլի ճամբով ծառայեցին մեր ժողովուրդին եւ այսօր իրենց յաւիտենական հանգիստէն կը հետեւին մեր քայլերուն, յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն համար լոյսը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ եւ բացատրեց, որ առաւօտուն ծագող լոյսը եւ գիշերը մառող լոյսը ֆիզիքապէս մեզ կը դնեն այն իրականութեան դիմաց, որ աշխարհիկ լոյսէն անդին եւ վեր մենք կ՛առաջնորդուինք միտքի եւ հոգիի լոյսով։ «Լոյսի պաշտամունքը պարզապէս միտքի թռիչք չէ, այլ՝ ամէնօրեայ ապրում է եւ յանձնառութիւն» շեշտեց սրբազան հայրը աւելցնելով, որ այդ լոյսը կը ներթափանցէ մեր կեանքին մէջ եւ այդ լոյսն է, որ յատկապէս այսօրուան հոգեհանգստեան պաշտօնին ընդմէջէն կու գայ մեզի ըսելու, թէ հայ մամուլի սպասաւորները եղան լոյսի հետեւորդներ, լոյսի առաքեալներ եւ լոյսի ճանապարհը բացողներ։

Նարեկ արքեպիսկոպոս բացատրեց, որ երբ մենք հայ մամուլ կ՛ըսենք միայն չենք հասկնար այն միջոցը, որ մեզի ամէնօրեայ լուրերը կը փոխանցէ, այլ՝ կը հասկնանք այն աշխարհը եւ հոգեմտաւոր այն մթնոլորտը որուն ընդմէջէն մենք հաղորդակից կը դառնանք մեր ամէնօրեայ նուաճումներուն, տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն։

Շարունակելով իր խօսքը սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս լրատուական միջոցները զարգացած եւ փոխուած են, սակայն հայ մամուլը կը մնայ մեր ամէնօրեայ իմացական եւ հոգեւոր հացը։ Ան յայտնեց, որ Պօղոս առաքեալ երբ կը խօսի լոյսի զաւակներ դառնալու եւ լոյսը վայելելու հրամայականին մասին, կ՛ընդգծէ երեք բառեր՝ բարութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն։ «Երեք առաքինութիւններ, որոնք այսօր մանաւանդ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ստուեր հագած են։ Երեք ճշմարտութիւններ, որոնք մեր հայ քրիստոնէական կեանքը կը պահեն անխաթար։ Երեք իրականութիւններ, որուն ընդմէջէն մենք կ՛անդրադառնանք, թէ հայ մամուլը եւ հայ մամուլի սպասաւորը մեր կեանքին մէջ կը հնչեցնեն բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան չմարող ձայնը եւ այդ հասկացողութեամբ, երբ կը վերադառնանք մեր հայ քրիստոնէական ակունքներուն եւ մանաւանդ Ս. Աւետարանին եւ զայն մեր կեանքին մէջ կեանքի գիրքի վերածող Քրիստոսի կեանքի օրինակին, խորապէս կը գիտակցինք, թէ Քրիստոս ինքն է աղբիւրը բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան» հաստատեց սրբազան հայրը աւելցնելով, որ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը այսօր մարդկային ընկերութեան մէջ հացի եւ լոյսի նման կը փնտռուին եւ հայ մամուլը պէտք է անդրադարձ մը կատարէ իր պատմութեան եւ տեսնէ, որ ժամանակին հայ մամուլի ճամբով մեր խմբագիրները, յօդուածագիրները, աշխատակիցները եւ ընթերցողները որպէս հաւաքականութիւն եւ հայ մամուլի մեծ ընտանիք՝ հայ մամուլի մէջ տեսած են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ այսօր եւս տարբեր չի կրնար ըլլալ մեր կեանքը հաստատելով, որ հայ մամուլը բնորոշողը նոյնինքն այս երեք յատկանիշներն են։

Ան ըսաւ, որ մենք պարզապէս լրատուական միջոցներու կարիք չունինք, այլ՝ այդ լուրերը վերլուծական մտածումով եւ մեր կեանքին բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան թելերով ագուցող հայ մամուլն է, որ կը փնտռենք եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ մեր լիբանանահայ կեանքին մէջ կը գտնենք այդ հայ մամուլը, որովհետեւ հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացող մեր մշակները տակաւին կը գործեն մեր կեանքին մէջ եւ կատարուած հոգեհանգիստը մեկնարկ մըն է լուսարձակի տակ բերելու համար հայ մամուլի տարին, սկսելով մեզմէ յաւէտ բաժնուած երախտաւորներէն հասնելու համար մինչեւ մեր այսօրուան հայ մամուլի բոլոր սպասաւորները։ «Մենք պէտք է անդրադառնանք, թէ հայ մամուլը խմբագրել այսօր կը նշանակէ առաքեալի գիտակցութեամբ նուիրուիլ հայ մամուլի շարունակականութեան» շեշտեց սրբազանը հաստատելով, որ այդ շարունակականութիւնը միայն խմբագրութեամբ եւ հրատարակութեամբ չըլլար, այլ՝ կ՛ըլլայ մանաւանդ հայ ընթերցողով եւ այսօր երբ կը բանանք մեր օրաթերթերը կը տեսնենք, որ մտահոգութիւն, տագնապ, հայրենասիրութիւն, հայ մշակոյթի հանդէպ բծախնդրութիւն եւ հայ մամուլի առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ շարունակելու պատրաստակամութիւն կայ։

Նարեկ արքեպիսկոպոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խոնարհելով յիշատակին դիմաց մեր մամուլի ննջեցեալ սպասաւորներուն եւ միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց այսօր հայ մամուլը կենդանի ներկայութիւն դարձնող մեր բոլոր մշակներուն եւ աղօթեց, որ հայ մամուլը մնայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս իր պատասխանատու դերակատարութեան մէջ եւ շարունակէ ըլլալ բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան մարտահրաւէրը մեր բոլորին կեանքը առաջնորդելու համար դէպի մեր հոգեմտաւոր արժէքները։ Եզրափակելով իր խօսքը սրբազան հայրը աղօթեց, որ Աստուած իր երկնային խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ մեր մամուլի ննջեցեալ սպասաւորները, նաեւ ուժ եւ կորով տայ այսօրուան մեր սպասաւորներուն եւ մեզ բոլորս արժանի զաւակները դարձնէ մեր մշակոյթի պահպանման եւ ծաղկման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին