Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նասրալլա. Եթէ Ուզէինք Կրնայինք Միջամուխ Ըլլալ Իսրայէլի Ընտրութիւններուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա, իր պատկերասփռուած ելոյթին մէջ նշեց, որ Հըզպալլա կարող էր միջամուխ ըլլալ Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ իրենք որոշած են այդ առումով որեւէ քայլ չկատարել, խնդիրը համարելով  իսրայէլեան ներքին խնդիր:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ իրենց համար Նաթանիահուն կամ որեւէ այլ թեկնածու նոյն մօտեցումները ունին, ու շատ հաւանական է, որ անոնք շարունակեն իրենց սիոնական քաղաքականութիւնը:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ Նաթանիահուի ընտրուելէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք նոր փուլ մը կրնայ սկսիլ մէկ կողմէ նախագահ Թրամփի եւ միւս կողմէ Նաթանիահուի միջեւ, նշելով նաեւ, որ այս առումով Լիբանան նոյնպէս կանգնած է ճակատագրական օրերու առջեւ եւ յառաջիկայ հանգրուանին աւելի յստակ պիտի դառնայ ընդհանուր պատկերը:

Նասրալլա նաեւ կոչ ուղղեց ներքին ճակատին ամրապնդուած մնալ եւ բարձր պահել՝ ժողովուրդ, դիմադրութիւն եւ բանակ սկզբունքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին