Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աուն Յունաստանի Նախագահին. Լիբանան Իրաւունք Ունի Քարիւղ Եւ Կազ Արտահանել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախագահ Միշէլ Աուն, Յունաստանի նախագահ Փրոքոպիս Փաւլոբուլոսի  հետ ունեցած բանակցութիւններու մասին կը յայտնէ,-«Մեր միջեւ եղած բանակցութիւնները շատ ներդաշնակ էին երկու երկիրներու միջեւ գոյացած պատամական յարաբերութիւններուն հետ,  դեռ այն ժամանակ երբ յոյները Միջերկրական Ծովը անուանեցին Փիւնիկեան ծովակ»։

Աուն շեշտեց, որ նոր պատմութեան ընթացքին երկու երկրներու յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան՝ յունական աշխոյժ համայնք մը կայունացաւ Լիբանանի մէջ եւ Յունաստանի մէջ նոյնպէս կայ Լիբանանեան գործունեայ համայնք մը։

Աուն աւելցուց,-«Հաստատեցի, որ Լիբանանի իրաւունք ունի քարիւղ եւ կազ հանելու եւ շեշտեցի, որ ես կը մերժեմ մասնակցիլ, որեւէ համաժողովի, ուր կայ Իսրայէլի համագործակցութիւնը։

Նշենք, որ երէկ Յունաստանի նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը սկսաւ Լիբանանին:

Կ’ակընկալուի Լիբանանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մասնակցութեամբ հրաւիրել գագաթնաժողով մը, զոր պիտի հիւրընկալէ Կիպրական մայրաքաղաքը։   Գագաթնաժողովը կամրջող առիթ մը հիտի ստեղծէ՝ երեք երկրներու տաբեր ոլորտներու համագործակցութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին