Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող շաբաթը յագեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի համար։ Ան գտնուելով մայրաքաղաք Ուաշինկթըն եւ ապա անցնելով Պոսթոն եւ Լոս Անճելըս տասնեակներով պաշտօնական եւ ժողովրդային հանդիպումներ ունեցաւ պետական, քաղաքային, ազգային-հասարակական մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, հայ համայնքի լայն շրջանակներու հետ։

Ան ամենաջերմ ընդունելութեան արժանացաւ ամէն տեղ։ Մեր հայրենակիցներուն աչքերուն մէջ կար կարօտ ու սէր, եւ այդ կարօտն ու սէրը արտայայտութիւն գտաւ Աննա Յակոբեան անձին մէջ, որ է՛ մայր, լրագրող, հասարակական գործիչ, Թաւշեայ յեղափոխութեան գործօն մասնակից, «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի ղեկավար, «Ժպիտների քաղաք» բարեսիրական կազմակերպութեան հոգաբարձութեան նախագահ։

 

Քաղաքապետ Կարսեթիին հիւր

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9-ին, Տիկ. Աննա Յակոբեան, գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, Արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեանի եւ «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի հետ։ Ներկայ գտնուած է նաեւ Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը եւ քաղաքապետի միջազգային հարցերու խորհրդական Նինա Հաչիկեանը։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ քննարկուած են համագործակցութեան շարք մը հարցեր։

. Նոյն օրը, Տիկ. Յակոբեանին ի պատիւ տրուած է ընդունելութիւն Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդին կողմէ, ուր ներկայ գտնուած են ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Ելոյթ ունեցած են Փօլ Գրիգորեան, Դոկտ. Բայբուրդեան, Վահագն Մելիքեան եւ Տիկ. Յակոբեան։ Ան շեշտած է, թէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը եւ ընդհանրապէս ԱՄՆ-ի հայութիւնը իւրայատուկ կամուրջ հանդիսացած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ։

 «Ես ոգևորութեամբ եմ ասում, որ Հայաստանում տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ բազմաթիւ ամերիկահայերի մօտ վերադարձել է էնտուզիազմը աւելի շատ ներգրաւուած լինել իրենց երկրի կայուն և ժողովրդավարական զարգացման գործում»,– ըսած է Աննա Յակոբեան, կը փոխանցէ «Արմէնփրէս»:

 

Հանդիպում Լոս Անճելըսի հայութեան հետ

 

Կլենտէյլի «Ալեքս» հանդիսասրահին մէջ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 8-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ մասնակցութեամբ Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդին, տեղի ունեցաւ հանրային հանդիպում  Հայաստան վարչապետի տիկին, «Ժպիտների քաղաք» եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամներու ղեկավար, լրագրող-խմբագիր, Թաւշեայ յեղափոխութեան գործօն մասնակից Աննա Յակոբեանին հետ։ Անոր կ՚ընկերանար «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեան, որ լուսասահիկներով հարիւրաւոր ներկայ հայրենակիցներուն ներկայացուց կազմակերպութեան աշխատանքները։ Այս հիմնադրամը (www.mystep.foundation) կը զբաղի օժանդակելով ժողովուրդին մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ բնապահպանական հարցերուն։

Հանդիսավարն էր Փրոֆ. Անահիտ Արամունին, որ բարձրօրէն գնահատեց Աննա Յակոբեան անձն ու հասարակական գործիչը։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան։

Տիկին Յակոբեան կարճ ելոյթէ ետք, պատասխանեց ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն։ Կը ներկայացնենք քաղուածքներ անոր պատասխաններէն.

. Երեւի վարչապետի կին լինելը դժուար չէ, բայց Նիկոլ Փաշինեանի կինը լինելը շա՜տ դժուար է։

. Ամենակարեւոր խնդիրները այսօր. խաղաղութեան հաստատում, Արցախի հարցի լուծում. երբ այս հարցերը լուծենք, միւս խնդիրները կը լուծուին։

. Պէտք է միտքերուն մէջ նոյնպէս յեղափոխութիւն տեղի ունենայ։

. Լրագրութեան, մամուլին լեզուն անհանգստանալու տեղ կու տայ. լրագրողները պէտք է վերապատրաստուին, օրինակ այստեղ՝ Ամերիկայի մէջ։

. Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոր եւ աւելի բարձր մակարդակի վրայ դնել։

. Սփիւռքի ռեսուրսը միաւորել։

. Ամենակարեւորը հայրենադարձութիւնն է։

. Հայաստանի մէջ իգական սեռին նկատմամբ վերաբերումի փոփոխութիւն կայ, սակայն դեռ քիչ է։

. «Աւանդական սփիւռք» եւ «նոր սփիւռք» նոյն սրտցաւ հայն է, նոյն մտահոգութիւններն են։

. Մենք մէկ մարդու նման կանգնած ենք Հայաստանի կողքին։

. Խաղաղութեան համար կ՚աշխատեմ միայն։

Տիկին Յակոբեանին ուղղուած հարցումները շատ աւելին էին, խօսք եղաւ գիւղական համայնքներու մասին, որբ երեխաներ որդեգրելու, ինչպէս նաեւ անհատական հետաքրքրութիւններ յուզող հարցումներ եղան, որոնց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պատասխանեց ան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին