Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Քառօրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին առիթով

«Վայ այն ժողովուդին, որ հերոսներ չունի։ Որովհետեւ այդ կը նշանակէ մէկ բան։ Կամ ան սէր չունի ազատութեան եւ կամ՝ յանուն ազատութեան արիւն չէ թափած»։

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս շաբաթ կը լրանայ երրորդ տարլելիցը Արցախի Ապրիլեան պատերազմին։ Պատերազմ մը, որ մէկ օղակն էր այն շղթային, որ աւելի քան մէկ դարէ իվեր կը գործադրուի յանուն փանթուրանիզմի իրականացման. պատերազմ մը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը չկարողացաւ իրականացնել, հակառակ իր հզօր բանակին եւ միջոցներուն, շնորհիւ արաբօներու, գէորգչաւուշներու, հրայրդժոխքներու, սերոբաղբիւրներու, անդրանիկներու, գարեգիննժդեհներու եւ հազարաւոր այլ անուանի կամ անանուն հերոսներու, որոնք յանուն հայրենիքի եւ յանուն ազատութեան, զոհեցին իրենց ամենաթանկագինը՝ իրենց կեանքը, Հայրենիքի բագինին, ի խնդիր անոր պաշտպանութեան, քաջ գիտնալով «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանը։

Այսօր, «երկու պետութիւն մէկ ժողովուրդ» նշանաբանով հանդէս կու գան մեր երկու դրացի պետութիւնները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, եւ ձեռք-ձեռքի տուած, կը փորձեն ի գործ դնել իրենց նախորդներուն երազը։ Վկայ Պաքուի քաղաքականութիւնը Խորհրդային փլուզումէն ետք, հակառակ Արցախի ժողովուրդի կամքին, փորձելով պահել զայն իր իշխանութեան ներքեւ, եւ հետագային իրագործել ամէն բռնի միջոց՝ իրականացնելու զայն։ Պաքուի եւ Անքարայի քաղաքականութիւնը շատ յստակ է բոլորիս, մանաւանդ հայութեան, որ ականատես եղաւ անոր մէկ երեսին, երբ յաջողեցաւ հայաթափ ընել Նախիջեւանը եւ ջնջել ամէն փաստ, որ հայութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ կապ ունէր։

Պաքուի իշխանութիւնները նոյնը փորձեցին ընել նաեւ Արցախի տարածքին, երբ երբեմնի հայկական մշակութային օճախ Շուշի այրեցին, թալանեցին եւ այնտեղէն տեղահան ըրին անոր հայ բնակչութիւնը, փորձեցին նոյնը ընել ամբողջ Արցախի տարածքին։ Սակայն չկարողացան հասնիլ իրենց նպատակին, շնորհիւ Արցախի ժողովուրդին աննկուն կամքին, Արցախի լեռներու ժայռերուն նմանող նկարագրին եւ հաւատքին։

1988-էն ի վեր Արցախեան ազատագրական պայքարը կը շարունակուի մինչեւ այսօր եւ պիտի շարունակուի նաեւ վաղը, մինչեւ որ մեր հարեւեան պետութիւնները հասկնան թէ հայ ժողովուրդը այդ լեռնաշխարհի բնիկ ժողովուրդն է, հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը պահեց եւ պիտի պահէ այդ լեռնաշխարհին վրայ, եւ թոյլ պիտի չտան որ իրենց պապենական սուրբ հողը օտարանայ եւ հայաթափ ըլլայ։

Այս իրականութեան ամէնէն խօսուն օրինակն է 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը, երբ մեր թշնամին շղթայազերծեց լայնածաւալ յանկարծակի յարձակում մը, Արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին, բոլորիս ծանօթ՝ Պաքուի լայնածաւալ միջոցներուն եւ դրամագլուխին, օգտագործելով իր քարիւղի հորերը։

Պաքուի երազները 180 աստիճան շրջեցան, երբ իրենց դիմաց գտան իրենց քանակէն նուազ թիւով հայորդիներ, որոնք զինուած անսահման սիրով իրենց հայրենիքին եւ ժողովուրդին հանդէպ, իրենց սահմանափակ միջոցներով,– ինչպէս պատմութեան ընթացքին,– նոյնպէս այդ ժամանակ կարելին անկարելի դարձուցին ոչ միայն դիմադրելու այդ յարձակումը, այլ նաեւ անցնելու հակայարձակումի։

Զինուորներու եւ սպաներու սխրագործութիւններէն օրինակներ շատ կան, բայց հոս պիտի չկեդրոնանանք անոնց վրայ։ Մեզի համար մէկ բան յստակ է, որ իւրաքանչիւր զինուորական որ այդ ժամանակաշրջանին իր կեանքը զոհեց, մեզի համար հերոս մըն է։

Յարգանք անոնց յիշատակին եւ խիզախութեան, յարգանք եւ պատիւ այդ հերոսները ծնող մայրերուն, փառք ու պատիւ հայ ազգին, որ այսպէս մայրեր կը ծնի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին