Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Հայկական բարքեր (լուսանկարներ)

Օտար երկնակամարներու տակ փայլող հայեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անգլիատառ պարբերաթերթի, Դեկտեմբեր 2018 թիւի յաւելուած՝ “AGBU Insider”-էն քաղելով, կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները։ 

Սոփրանօ Նաթալի Արոյեան

Սիտնիի նշանաւոր օփերայի աստղերէն Նաթալի Արոյեան ծնած է Սիտնի, ուր յաճախած է Ալեք Մանուկեան Հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը։ Անոր երաժշտութեան դասատուն եղած է հայազգի օփերայի երգչուհի Լիլիա Օվչիեանը, իսկ իր երաժշտութեան դասընթացքը կատարելագործած է շնորհիւ ՀԲԸ Միութենէն ստացած կրթաթոշակին։

Նաթալի մեծապէս երախտապարտ է իր ծնողքին՝ Սարգիսի եւ Լիւսիի, որոնք քաջալերած են զինք եւ թիկունք կանգնած, իր ընտրած ասպարէզի նուաճման՝ դժուարին ճանապարհի ընթացքին։ Անոր միակ ափսոսանքն է, որ գործի բերումով յաճախ կը բացակայի իր ընտանիքէն եւ բարեկամներու սեղմ շրջանակէն, յատկապէս տօնական օրերուն…

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով՝ Նաթալի հեղինակած է բեմական նոր ստեղծագործութիւն մը, «Հայկական ճամբորդութիւն մը» անունով։ Ան մարմնաւորած է անոր հերոսուհին՝ սարսափած հայ որբը, որ վերապրելով յաղթահարած է Եղեռնի պատճառած ողբերգութիւնը։ Այդ որբը եղած է իր մեծ մօրը մայրը։

Նաթալիին խրատը ձգտում ունեցող արուեստագէտներուն. «Ակնկալէ որ խոչընդոտներ պիտի պատահին արհեստավարժութեան հասնելու ճանապարհիդ, սակայն մի՛ յուսահատիր եւ շարունակէ ճախրանքդ, համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ»։

 

Երգահան Միշէլ Պետրոսեան

Փարիզաբնակ երգահան Միշէլ Պետրոսեան ծնած է Երեւան եւ իր երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ։

Բնակելով Փարիզ՝ որպէս հայ, Միշէլ ապրած է երկու ինքնութեանց պատկանելու տուայտանքը։ Այս երեւոյթը դրսեւորուեցաւ իր 2017-ի ստեղծագործութեան ընդմէջէն, որ ներկայացուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Անոր նիւթն էր «Հեքիաթային բոց, բռնկող կրակ» (A Fiery Flame, A Flaming Fire)։ Անոր նպատակն էր ինքնութեանց շարժունութիւնն (mobility) ու արագութիւնը (fluidity) ցուցաբերել՝ երաժշտութեան միջոցաւ։

Միշէլին մէկ այլ ստեղծագործութիւնը՝ «Արցախի երգը» ներկայացուեցաւ Տաթեւի վանքին մէջ։ Այս գործին մէջ Միշէլ օգտագործած է բնութեան եւ թռչուններու ձայները, որպէս մեղեդիներու մեկնակէտ։ 2018-ի Նոյեմբերին այս գործը սփռուեցաւ Ֆրանսայի պետական ռատիոկայանէն։

Միշէլին հայկական արմատները պատճառ դարձան, որ ան յօրինէ ստեղծագործութիւն մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ՝ «100 տարուայ յիշատակ. կեանքի նուագահանդէս մը»։ Այս գործին մէջ Միշէլ հարցականի տակ կը դնէ Աստուծոյ բացակայութիւնը Մեծ եղեռնի ընթացքին։ Այդ ներկայացումը կազմակերպուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ։

 

Ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան

Շանկհայի Սիմփոնիք Նուագախումբի գլխաւոր ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան ծնած է Երեւան: 16 տարեկան Աստղիկը 2009 թուականին աւարտեց երկրորդական վարժարանը եւ դիմեց ուսանողական փոխանակման ծրագրին, որպէսզի իր երաժշտական ուսումը շարունակէ արտասահմանի մէջ։

Ի զարմանք Աստղիկին եւ անոր ծնողներուն, դիմումնագիրը ընդունուեցաւ Շանկհայի պետական երաժշտանոցէն։ Ուրեմն, ճամբորդական ցուպը ձեռքին, ան գնաց Չինաստան եւ ութը ամիսէն սորվեցաւ լեզուն։ Հիմա ան ո՛չ միայն նուագախումբին գլխաւոր ջութակահարն է, այլեւ ունի վարչական պատասխանատուութիւն՝ որպէս նախագահին օգնական։

2014-ին՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հրաւիրուած էր Նիւ Եորք, որպէսզի ղեկավարէ Միութեան տարեկան համերգը՝ նշանաւոր Carnegie Hall-ի մէջ։ Իսկ յաջորդ ամառ՝ դարձեալ ՀԲԸ Միութեան կողմէ կը հրաւիրուի Լոնտոն, որպէսզի կազմակերպէ Հայկական ֆեսթիվալ մը։ Աստղիկ՝ գնահատանքով արտայայտուած է ՀԲԸ Միութեան տարած աշխատանքներուն նկատմամբ։

Անդրադառնալով Չինաստանի իր արհեստավարժ փորձառութեան, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Պէտք է շատ բաներ փորձես եւ դուրս գաս հանգստաւէտ վիճակէդ: Ես կը խորհիմ որ աւելի լաւ է փորձել եւ զղջալ, քան թէ երբեք չփորձել»։

 

Խմբավար Յարութ Ֆազլեան

Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեան ծնած է Պէյրութ, ուր յաճախած է ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան վարժարանը։ Ան փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ, իսկ երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի մէջ։

Յարութ սերած է արուեստագէտներու ընտանիքէ։ Հայրը՝ Պերճ Ֆազլեան, բեմադրիչն էր ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, իսկ մայրը՝ Սիրվարդ Ֆազլեան, գեղանկարիչ է եւ դաշնակահար։ Սիրվարդ՝ կատարած է նաեւ դերակատարութիւն, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ։

Յարութ Ֆազլեան 2000 թուկանէն իվեր գլխաւոր խմբավարն է Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։ Ան քանիցս հրաւիրած է Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Լիբանան եւ Արաբական ծոցի երկիրներ։

Որպէս հպարտ հայ, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է իր ազգութեան մասին. «Երբ ես նուագախումբով կը ճամբորդեմ աշխարհի չորս կողմերը, կը ջանամ յայտագրիս մէջ ներառնել հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։ Իմ պարտաւորութիւնս է ու պարտականութիւնս՝ որ մարդիկ լսեն հայկական երաժշտութիւն»։

 

Դաշնակահար Նարէ Արղամանեան

Վիեննայի Սիմֆոնիք Նուագախումբի դաշնակահար Նարէ Արղամանեան ծնած է Վանաձոր։ Ի ծնէ տաղանդաշատ Նարէ՝ իր առաջին մենանուագով հանդէս կու գայ 6 տարեկան հասակին։ Իսկ 7 տարեկանին, ան կ՚ընդունուի Երեւանի Չայքովսքիի անուան տաղանդաւոր փոքրիկներու երաժշտանոցը։

2000 թուականին, երբ Նարէ 11 տարեկան էր, կը հրաւիրուի Եութա նահանգի Սալթ Լէյք քաղաքը, մասնակցելու դաշնակի միջազգային մրցումին՝ որմէ յաղթական դուրս կու գայ։ Եութա չգացած, Նարեհ՝ Արտա Յարութիւնեանի եւ իր մօր Արտեմիս Նազարեանի կողմէ կը հրաւիրուի Նիւ Եորք, մենանուագով մը հանդէս գալու։

2004 թուականին՝ 15 տարեկան Նարէ կ՚ընդունուի Վիեննայի երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստներու համալսարանը։ Իր ուսումը աւարտելէ ետք՝ 2008 թուականին, ան կը հաստատուի Վիեննա։

Նարէ գերզբաղուած է իր նուագահանդէսներով. տարեկան աւելի քան 60՝ աշխարհի չորս կողմերը։ Ճամբորդութեանց առթած յոգնութեան ու նոր միջավայրերու յարմարելու անհրաժեշտութեան մղձաւանջը փարատելու համար, ան կը դիմէ աղօթքի՝ որ իրեն կը պարգեւէ ներքին խաղաղութիւն։ Ըլլալով հաւատացեալ Քրիստոնեայ, նուագահանդէսներէ առաջ՝ Նարէ կը յաճախէ Վիեննայի Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ստանալու համար հովիւին օրհնութիւնը։

 

“AGBU Insider”, Դեկտեմբեր 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին