Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարը՝ ՌԱԿ-ի հիւր

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 9-ի երեկոյեան, Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոն այցելեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեանը եւ հանդիպում ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ։

Վահագն Մելիքեանին կ’ընկերանային Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ հիւպատոսի խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի:

Յարգելի հիւրը արեւելագէտ է եւ Հայաստանի անկախութենէն իվեր բազմաթիւ պաշտօններ վարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, արծարծելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, սփիւռքահայութեան հետ կապերու Հայաստանի առողջ քաղաքականութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին