Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Խոհեր եւ յուշեր՝ ԹՄՄ-ին եւ Վահան Թէքէեանին նուիրուած յիշատակելի երեկոյին առիթով

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համաձայն մեր կարծիքին, շատ յաջող երեկոյթ մը կազմակերպեր էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի Մայր մասնաճիւղի վարչութիւնը, գործակցութեամբ Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին՝ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ։ Նիւթ՝ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի կերպարն ու անոր գրական ստեղծագործութեանց ժառանգը, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան աւելի քան եօթանասուն տարիներու ազգային ծառայութիւնը, մշակոյթի եւ հանրային ծառայութեան գծով։

Մեր նպատակը, ներկայ յօդուածով, երեկոյթին նկարագրականը ընել չէ, այլ լուսարձակի տակ  առնել օրուայ զոյգ բանախօսներուն յայտնած միտքերը։ Առաւել, ըստ մեր հայեցողութեան, տեղ առ տեղ, տալ նաեւ մեր սեփական կարծիքը։

Երեկոյթին առաջին խօսք առնողը Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեանն էր։ Իրեն վիճակուած էր խօսիլ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ցարդ իրագործած նուաճումներուն ու յառաջադրանքներու մասին։ Պէտք է ըսել, որ Տոքթ. Ատանալեան ձեռնհասօրէն կատարեց իրեն վստահուած գործը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Թէքէեան բանաստեղծին գործին մասին, կարկինը լայն բանալով։ Կը փափաքիմ աւելցնել նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Տոքթ. Ատանալեան առհասարակ անծանօթ մէ չէ հայ հանրութեան համար։ Ան ունեցած է ծաւալուն գործունէութիւն, մշակութային, հասարակական ու կրթական մարզերէն ներս, որոնք զինք դարձուցած են վաւերական արժէք ներկայացնող ազգային գործիչ մը։ Տոքթ. Ատանալեան անուն եւ ուժ մըն է ի նասնաւորի հայրենի եւ սփիւռքի լայն խաւերու մօտ։

Բանախօսը անդրադառնալով  բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մասին, ըսաւ թէ Վահան Թէքէեան մեր գրականութեան մէջ հսկայ մըն է։ Ապրելով երկար տարիներ, այն տուած է մեր գրականութեան գլուխ-գործոցներ։ Երգած է մեր ժողովուրդին տառապանքն ու վերելքը։ Ան, ինչպէս յաճախ ըսուած է, Վահան Թէքէեանը հայ բանաստեղծութեան իշխանը անուանեց։ Թող ներուի ինծի ըսել թէ «իշխան» որակումը, «subjective» գնահատանք է։ Արուեստը չունի «երկու առաւել երկու՝ չորս»-ի ճշգրտութիւն։ Ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար ըսել, թէ Վահան Թէքէեան, ապրած ըլլալով կեանքի բոլոր հանգրուանները, աւելի իմաստացած, աւելի խոհական ու աւելի գրական ստեղծագործութիւններ յօրինած մեր եզակի բանաստեղծն է։ Այլապէս, Եղիշէ Չարենց, Դանիէլ Վարուժան, Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց նուազ տաղանդ ունեցող բանաստեղծներ չեն։

Գալով իր բուն նիւթին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Տոքթ. Ատանալեան բոլորովին ճիշդ նկատեր էր այն, թէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ազգային մեր կեանքին մէջ պարապ մը լեցուց։ Անիկա ծնունդն էր ազգային կենսական պահանջքի մը։ Ճիշդ էր թէ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Մ. Իշխանի եւ այլ ազգային մեծ վարկ վայելող մտաւորականներ սկսած էին սերունդ պատրաստել։ Սերունդ՝ որ մեր ազգային մշակոյթին մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէին, հայ գրականութեան, թատրոնի, արուեստի գծով, սակայն, միւս կողմէ, բեւեռացած հայ կեանքին, անհրաժեշտ էր նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կատարելիք դերը։ Այսպէս, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը հազիւ կեանքի կոչուած, սկսաւ հսկայական մշակութային գործունէութիւն ծաւալել։

***

Մենք ներկայ գտնուեցանք Պէյրութի Պուրճ հրապարակին վրայ գտնուող «Օփերա» կոչուած հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած, Թէքէեան բանաստեղծին ձօնուած հանդիսութեան։ Հազարէ աւելի թիւով բազմութիւն մը ներկայ էր այնտեղ, որուն ծաւալը կը յորդէր մինչ փողոց։ Գարեգին Չորեքճեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, օրուան բանախօսը, դժուարութիւն ունեցաւ սրահ բարձրանալու։ Ան կրցաւ ոստիկանութեան օժանդակութեամբ մինչեւ բեմ հասնիլ։ Իր ելոյթը հետեւեալ խօսքերով սկսաւ. «Ես եկած եմ այստեղ խոնարհելու համար «Եկեղեցին Հայկական»ը գրող մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի յիշատակին առջեւ խոնարհելու…»։ Բուռն ծափահարութիւնը սրահը թնդացուց։

***

Յարգելի բանախօսը կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութիւնն ու համաշխարհային ցուրտ պատերազմը իրարու համընկեցան։ Իրերու այդ դրութեան մէջ շատ դժուար էր միջին ճամբայէ թիավարել։ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն ու անոր ետին կանգնած ՌԱԿ-ը, ազգային կենսական շահերէ առաջնորդուած, որդեգրեցին միջին, դժուարին ուղին։ Կողքին կանգնեցան ներգաղթի ազգօգուտ շարժումին, ինչպէս նաեւ մեծ գործունէութիւն ծաւալեցին իրարու կամրջելու համար հայրենի, երկաթեայ վարագոյրին ետին ապրող հայութիւնն ու աշխարհացրիւ սփիւռքը։ 1959-ին Հայաստանի երգի եւ պարի անսամպլին Պէյրութ ժամանումն ու անոր 6-7 յաջորդական ելոյթները ուղղակի ցնցեցին հայութիւնը։ Անոնք պատմական նոր դարաշրջանի մը հիմը դրին։ Հիմը դրին հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութիւնը իրարու մօտեցնելուն, կարմրջելուն։ Մօրուս Հասրաթեանի, Վարդգէս Համազասպեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Սերօ Խանզադեանի յաջորդաբար Պէյրութ եւ այլուր ժամանումը, համայն հայութեան մօտ ամրապնդեց այն իրողութիւնը, թէ Սփիւռք-Հայրենիք զիրար լրացնող ամբողջութիւն մը կը հանդիսանային։ Անոնք երկու թեւերն էին հայ ժողովուրդին գոյատեւման ու վերելքին։

1972-ին ՀԲԸ Միութեան նախագահ Ալեք Մանուկեան Պէյրութ պիտի ժամանէր, պաշտօնական բացումը կատարելու համար Պէյրութի «Ալեք Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին։ Այդ ուրախ ու պաշտօնական առիթը օգտագործելով, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Պրիսթոլ պանդոկին մէջ «Cocktail party» մը սարքեց ի պատիւ մեծանուն բարերարին։ Այդ հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի գաղութին ընտրանիին մեծամասնութիւնը։ Անձիս վիճակուեցաւ հաւաքոյթին բացումը կատարելու։ Պրն. Մանուկեանին մասին ՌԱ Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան խօսքը ըսելու։ Եւ այդ հանդիսաւոր առիթով, Բարեգործականի նախագահը առանց բառերը ծամծմելու հետեւեալը ըսաւ. «ՀԲԸ Միութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը մեր հանրային պարտէզին երկու ծաղկանոցներն են»։

Ինչ որ հիմնական նշանակութիւն ունէր Բարեգործականի նախագահին խօսքերուն մէջ այն էր, թէ ՀԲԸ Միութիւնը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իրարու գործակիցներ, լծակներ էին։ Նման շոգեկառքի մը, երկաթուղիի մը երկու գիծերուն,  որոնք թէեւ զիրար չեն խաչաձեւեր, իրարու զուգահեռ կ՚ընթանան, բայց անոնք անհրաժեշտ են որ շոգեկառքը յառաջ ընթանայ։ Ինչպէս մեր հանրային կեանքը։

Վերջապէս, Տոքթ. Ատանալեան լաւատեսութեամբ աւարտեց իր ելոյթը։ Լաւատեսութիւն՝ հայու ապագային հանդէպ, քանզի մեծ է մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր ստեղծագործ տաղանդը, կիրքը՝ ստեղծելու ու յառաջ գնալու։

***

Երկրորդ բանախօսը բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանն էր։ Մենք անոր խորաթափանց դիտարկումներուն ընդմէջէն, բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի քերթուածներու վերլուծումի ատեն, գրագիտուհիին մէջ նշմարեցինք անոր մասնագէտի բարձր կարողութիւնները։ Թէքէեանի քերթուածներու գեղեցկութեանց նրբերանքներուն թափանցած մասնագէտը։ Թամարան, Թէքէեան բանաստեղծը «անմրցելի» նկատեց։

Վահան Թէքէեան բանաստեղծը հայ ժողովուրդի տառապանքի եւ վերելքի երգիչն է, ըսաւ գրագիտուհին։ Եւ երբ հայ ժողովուրդը, ցեղասպան թուրքին արիւնոտ ձեռքերով, իր օրհասական օրերը կ՚ապրէր, «ահաւոր բան մը կը կատարուի այնտեղ… օգնութիւն, ահ օգնութիւն…» գոչեց Թէքէեան։ Իսկ աւելի ետք, հայ գրագէտը, թուրքին ուղղուած իր խօսքերով՝ «Պիտի իյնաս» քերթուածով, ի միջի այլոց հետեւեալը ըսաւ.

 

«Եւ չմեռած՝ դեռ տեսնե՛ս պիտի, արդա՛ր պատուհաս,

Ծաղկիլը մե՛ր աշխարհին զոր թողուցիր աւերակ,

Ու ցնծութի՛ւնը մերին՝ քու ստրուկի աչքիդ տակ…»։

 

Բանաստեղծուհի Թամարան մեծ շեշտ դրաւ Թէքէեանի սիրոյ երգիչը ըլլալուն։ Սէրը՝ անձնական, սէրը՝ հանդէպ հայ լեզուին, հայկական եկեղեցիին ու վերջապէս սէրը՝ մարդկութեան հանդէպ, տանջակոծ մարդուն։

Այսպէս.

 

«Ես սիրեցի բայց ոչ ոք

Սիրածներէս գիտցաւ թէ

Զինքը որքան սիրեցի

Ով կարդալ սիրտը գիտէ»։

 

Աւելի ետք.

Ու եթէ սէրս ոմանք

Երկնքի վրայ անսահման

Տեսան ծուխի մը նման

Կրակն անոր չտեսան։

 

Հայ լեզուի մասին. «Քե՛զ, հայ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման…»։ «Եկեղեցին հայկական, ծննդավայրն է հոգւոյս», եւ աւելի ետք. «Եկեղեցին Հայկական, մէն մի քարին տակ գետնի, դէպի երկինք բարձրացող, գաղտնի ճամբայ մը ունի»։

Վերջապէս վկայութիւն մը Թէքէեանի համամարդկային իր խոր սիրոյ եւ հաւատքին մասին.

«Թող սասանին ու փշրին

Բարձր բերդերն անառիկ

Եւ թող իյնան պատնէշներն

Զրահապատ եսութեանց»։

 

«Թող պարտէզները բացուին

Ու թող խուժեն հոն մարդիկ

Բայց չկոտրին ոչ մէկ ծառ

Եւ չճզմեն ոչ մէկ ծաղիկ»։

 

Բանաստեղծուհի Թամարան սքանչացած էր նաեւ Թէքէեանի զուսպ, բայց հաղորդական, յղկուած, ինքնատիպ ու ճշգրիտ ոճին վրայ։

Ափսոս որ Թէքէեան լաւ չէ ճանչցուած հայրենի հասարակութեան կողմէ։

Սքանչելի էր գերզգայուն, քնքուշ, հայ մշակոյթի սէրը պաշտամունքի հասցնող մասնագէտ բանաստեղծուհի Թամարային ելոյթը։

***

Եզրափակելէ առաջ վերոյիշեալ երեկոյթին մասին մեր մատնանշած դիտարկումները, պիտի ուզէինք աւելցնել հետեւեալը։ Շատ տեղին եւ հաճելի էր լսել այն մեծ գնահատանքը, որ տրուեցաւ գաղութիս ծանօթ մտաւորական Վաչէ Սեմերճեանին մասին։ Ան իսկապէս արժանի է այդ գնահատանքին։ Քառորդ դարէ իվեր անձնական մեծ զոհողութեամբ կը ծառայէ հայ մամուլին ու մշակոյթին, որպէսզի Լուսաւորչի կանթեղով մշտարծարծ շողերով փայլատակի հայ մշակոյթը։ Եւ այս բոլորը Վաչէ Սեմերճեան իրագործեց ժամանակ մը, երբ ամէն բան նիւթով կը չափուի։ Քիչ բացառութեամբ։

Մեր փափաքն է որ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը շարունակէ հայ հանրութեան ներկայացնել մեր գրող միւս մեծերը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին