Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

«Ակամայ բժիշկը» ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան երկրորդական վարժարանի բեմին վրայ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Երբ հայ թատրոնի ուսանողները հայկական դպրոցը կ’աւարտեն, իրենց հետ կը տանին իրենց ունեցած մեծագոյն յիշատակները, որոնք ծնած են դպրոցին բեմին վրայ»: Այսպէս սկսաւ Օր. Լորա Գույումճեանի ողջոյնի խօսքը:

Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան հաւաքուած բազմութիւնը Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներու աշակերտներէ կազմուած էր: Ներկայ էին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան, Շամլեան, Հայ Քոյրերու, Մերտինեան, Սահակ-Մեսրոպ եւ Յովսէփեան վարժարաններէն աշակերտներ:

Ձեռնարկը մէկ յարկի տակ կը համախմբէր մեր գաղութին հայկական դպրոցները: Նպատակը՝ հայ աշակերտին ներկայացնել, թէ ինչպէս առիթներ կարելի է ստեղծել հայերէնը լսելու, խօսելու եւ շնչելու: Բոլորը եկած էին ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի «Հայ Թատրոն» ընտրովի դասարանի ֆրանսացի հեղինակ Մոլիէրի «Ակամայ բժիշկը» կատակերգութիւնը վայելելու, որ  հայերէնի թարգմանած է դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան:

Յայտագիրը սկսաւ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ու Աբիսողոմ աղային եւ բանաստեղծին հանդիպումով: Շատ հետաքրքրական գաղափար մըն էր. Համեմատական գրականութիւն, հայ եւ ֆրանսացի երգիծաբաններուն միջեւ, ուր աշակերտները կրցան բաղդատել եւ գաղափար ունենալ Յակոբ Պարոնեանին մասին։ Պատկերին մէջ նշուեցան նաեւ գրականութեան տարբեր ժանրերը՝ հայերէն լեզուով:

Ներկաներէն իւրաքանչիւրը այդ օրը թատրոնի եւ թատերգութեան մասին հիմնական գաղափար եւ տպաւորութիւն ստացաւ: Երբ ես ուսանող էի, կը յիշեմ, թէ որքա՜ն կը սիրէի եւ անհամբեր կը սպասէի Յակոբ Պարոնեանին թատերգութիւններէն դասագիրքին մէջ ընտրուած հատուածները կարդալու եւ ուսումնասիրելու: Բոլորս կ’ուզէինք այդ դերերը խաղալ եւ գրեթէ անգիր կը սորվէինք տողերը: Իսկ այժմ, որպէս հայերէնի ուսուցչուհի, վստահ եմ, որ հայ աշակերտին սիրտը եւ միտքը գրաւելու համար, անպայման պէտք է որ հայերէնի դասարանին մէջ անոնք ուսումնասիրեն երգիծաբանութիւն եւ խաղան թատրոն։

Յայտագրին երկրորդ մասը, օրուան հիմնական թատերգութիւնն էր՝ «Ակամայ բժիշկը» Մոլիէր ֆրանսացի հռչակաւոր կատակերգակ, դերասան, թատերագիր եւ բեմադրիչին: Մոլիէրը իր համաշխարհային համբաւով եւ տաղանդին ուժով կը հաստատէ կատակերգութիւնը որպէս արուեստ: Ան մասնաւորաբար կը ձաղկէ սուտ հաւատացեալը, անկար բժիշկը, ծանծաղամիտ ազնուականութիւնը եւ կղերական կեղծաւորութիւնը: Այս բոլորէն կարգ մը կերպարներ ներկայ էին «Ակամայ բժիշկը» թատերգութեան մէջ: Նիւթը պարզ եւ հասանելի հայերէնով թարգմանուած էր, որուն որպէս ապացոյց՝ աշակերտները անդադար կը ծիծաղէին ակամայ բժիշկ փայտահատ Ալեք Պապիկեանի ինքնաբուխ կատարումէն:

Հայ թատրոնի ուսանողները հիանալի էին իրենց կատարումներով, կը տիրապետէին իրենց դերերուն եւ մայրենիին: Բոլոր ներկաները ունկնդրեցին եւ հետեւեցան անոնց ինքնատիպ նուրբ հեգնանքին, ուր իսկապէս կ’ապրէին եւ բնականօրէն կը հրամցնէին իրենց խաղը՝ հանդիսատեսին:

Մեծապէս կը շնորհաւորենք բոլոր դերակատարները. Արեգ Աղամանուկեան, Յովսէփ Աթմէ, Ալեք Պապիկեան, Քրիստինա Շիրանեան, Սէրա Այնթէպլեան, Լորենի Եփրեմեան, Ճորճ Թէրզեան, Կալին Աղէկեան, Քաթիա Խանլեան, Ցոլեր Պիլանճեան, Արմէն Խաչիկեան, Մերիան Սահակեան, եւ Ժոզէֆ Զոպեան: Թող հայ թատրոնի սէրը երբեք չդադրի իրենց սիրտերուն մէջ եւ շարունակեն ըլլալ օրինակելի երիտասարդներ Լոս Անճըլըսի հայ գաղութէն ներս: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլորին:

«Մեզի համար մեծ հպարտութիւն եւ նուաճում է տեսնել եւ լսել մեր երիտասարդներուն հայերէնը»: Այս բառերով Դոկտ. Սիլվա Գարայեան շնորհաւորեց աշակերտները իրենց սահուն հայերէնին եւ համարձակ դերակատարման համար: Նաեւ շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց ուսուցչուհի Օր. Լորային աշխատանքը, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին ներկայացուցած է բազմաթիւ թատերական ներկայացումներ:

Բեմայարդարումը ինչպէս միշտ, պատրաստուած էր Մանուկ Սաթամեանին կողմէ, որ միշտ աջակցած է Հայ Թատրոնին բոլոր ծրագիրներուն, նաեւ օժանդակելով անոնց բեմադրութեան:

Անկասկածօրէն, ով որ «Հայ Թատրոն» դասարանի ճամբայէն քալած է, չի մոռնար իր ձեռք ձգած մեծ փորձառութիւնը, յիշատակները եւ հաճոյքը: Որպէս ծնողք կրնամ հաստատել թատերական այն փորձառութիւնը որոնցմէ օգտուած են զաւակներս մինչեւ այսօր:

 

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին