«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ մէջ ADA Aerospace եւ Pro MA ընկերութիւնները Հայաստանի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) համատեղ արտադրութիւն պիտի հիմնեն, այս մասին յայտնած է` «Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Հայաստանի մէջ արտադրուելիք Triada ԱԹՍ-ները պտի արտահանուին միջազգային շուկայ:
Ընկերութիւնները մտադիր են $4.5 միլիոնի ԱԹՍ մատակարարել Հայաստանին: Triada MK II տեսակի առաջին խմբաքանակը պիտի մատակարարուի 2019-ին, իսկ Triada MK III-ը` մինչեւ 2020 թուականի աւարտը:
Triada օրինակի ԱԹՍ-ներու թռիչքի առաւելագոյն բարձրութիւնը 10 քմ․ է, առաւելագոյն հեռաւորութիւնը` կախուած շարժիչէն` 260-660 քմ․: