«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, խորհրդարան-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի երէկուան նիստէն ետք, ընդունեց վարչապետ Սաատ Ալ-Հարիրի։ Վերջինս հանդիպումէն ետք ըսաւ,- «Այսօր կառավարութեան հարց ու պատասխանի նիստն էր, որ առողջ երեւոյթ է, այս նիստերը միշտ պէտք է տեղի ունենան, որպէսզի հասարակութիւնը տեսնէ, թէ ինչ կ’ընէ կառավարութիւնը եւ Խորհրդարանը նոյնպէս պէտք է տեղեակ ըլլայ, թէ ի’նչ կ’ընէ կառավարութիւնը»։
Ան աւելցուց ըսելով,-«պիւտճէի հարցով պէտք է կայացնենք դժուար որոշումներ եւ գործեմ քաղաքական բոլոր կողմերու հետ, որպէսզի ունենանք պիւտճէի վերաբերեալ ամբողջական համաձայնութիւն, որովհետեւ մտավախութիւն ունիմ, որ այստեղ տեղի ունենայ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Յունաստանի մէջ, եւ այդ մէկը պէտք է տեղի չունենայ։ Գաղտնիք չէ, որ մենք պիտի ձեռնարկենք միջոցներ, որոնք պիտի փրկեն երկիրը տնտեսական խնդիրներէն, մենք պէտք է վերջ տանք մեր անձնական շահերը գերադասելուն, պէտք է տեսնենք երկրի նիւթական ու տնտեսական շահերը, եւ թէ ինչպէս պիտի իրականացնենք երկրի տնտեսական զարգացումը։ Պիտի իրականցնենք ոչ շատ մեծ միջոցներ, սայկայն անոնք պիտի ըլլան քիչ մը խիստ, մէկ կամ երկու տարի պիտի հանդուրժենք, յետոյ ամէն ինչ կը դառնայ նախկինի պէս»։
Հարցի մը ի պատասխան Հարիրի ըսաւ,-«այդ կարգադրութիւնները պիտի փրկեն Լիբանանը եւ ես որեւէ կասկած չունիմ այդ առումով, կարեւորը այն է, որ բոլորս հաւատանք բարեփոխումներուն, որպէսզի բոլորս ըլլանք նոյն նժարի վրայ եւ հասարակութեան բացատրենք, թէ ինչո’ւ կ’ընենք այս մէկը եւ ինչո’ւ այստեղ հասանք»։
Հարցին, թէ կա՞յ մէկը ով կը մերժէ այս կարգադրութիւնները, ան պատասխանեց,-«Առ այսօր կայ բանավէճ եւ գիտէք, որ այդ բանավէճը պէտք է ըլլայ, պիւտճէն գործողութիւններու շարան մըն է՝ ի նպաստ Լիբանանի քաղաքացիին։