«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները երէկ սկսան հրապարակուիլ: Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Հաարէթզ պարբերականի կայքը:
Ըստ աշբիւրին իշխող Լիքուտ կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի, յաջողած է ստանալ (Քնեսէթի) խորհրդարանի 37 աթոռները:
Կը նշուի նաեւ, որ ուշագրաւ կը համարուի երկրի աջակողմեան կուսակցութիւններուն տարած յաղթանակը, բան մը որ կը հեշտացնէ յառաջիկայ փուլին Նաթանիահուի նոր կառավարութիւն կազմելու աշխատանքը:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն ընդդիմադիր «Կապոյտ ճերմակ» կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց կարողացած էր երկու կէտով առաջ ացնիլ Նաթանիահուէն, սակայն աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ Նաթանիահու կը շարունակէ իրավիճակին տէրը մնալ: