Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ՝ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Մասին Դասախօսութիւն

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի կայացման մէկ տարուան առիթով, Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց տնտեսական հարցերով Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Հաազար Քարաքալան՝ դասախօսութեամբ մը ներկայացնելու «Սետր»-ի հիմնական որոշումներուն եւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ անոր ձգելիք ազդեցութիւնները:

Դասախօսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմէքճիի կողմէ:

Հաազար Քարաքալայի ներկայացումը կեդրոնացաւ «Սետր»-ի հիմնական 4 կէտերուն վրայ, որոնց ընդմէջէն նպատակադրուած է շրջանցել երկրի տնտեսական տագնապը, կայունութիւն հաստատելը, երկարաժամկէտ բարգաւաճումն ու գործի առիթներ ստեղծելը:

Ներկայացնելով առաջին կէտը՝ երկրի տնտեսական տագնապը շրջանցելու կարեւորութիւնը, Քարաքալա անդրադարձաւ մօտիկ ապագային ներդրումային ծրագիրները աւելցնելուն, յատկապէս ենթակառուցուածքային մարզին մէջ ներդրումները անմիջապէս կատարելով, առիթ տալ մասնաւոր ընկերութիւններու, որ ինքնաբերաբար գործի առիթներ պիտի ստեղծէ:

Երկրորդ կէտը ներկայացնելով՝ Քարաքալա շեշտեց տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ եւ իբրեւ օժանդակ գործօն պիտի նպաստէ տնտեսական աճին:

Պետական համակարգին մասին խօսելով՝ դասախօսը ընդգծեց պետական կառոյցներու գործելաձեւին մէջ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը՝ ըսելով, որ յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ նեդրողները քաջալերելու եւ տնտեսական կայունութիւն ապահովելու իմաստով:

Ներկայացման չորրորդ բաժինով Քարաքալա հաստատեց, որ անհրաժեշտ է տնտեսական ռազմավարութեան մը մշակումը, որուն հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ արտադրողական զանազան մարզերու մէջ բարեկարգումներ կատարելը, իսկ արդիւնքը՝ տեղական արտադրութիւններու արտահանումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին