Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հայաստան Եւ Փորթուկալ Յաջող Գործընկերներ Կրնան Ըլլալ Շարք Մը Ոլորտներէն Ներս. Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է Փորթուկալի Նախագահի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Փորթուկալ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 9-ին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզայի հետ։ Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզան ողջունած է Հայաստանի իր գործընկերոջ այցը Փորթուկալ։

Ընդգծելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմամշակութային սերտ առնչութիւնները՝ Փորթուկալի նախագահը մեծագոյն ակնածանքով խօսած է Փորթուկալահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր անունը կրող հիմնադրամի գործունէութեան մասին։ Նախագահ Սարգսեան իր հերթին բարձր գնահատած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի մարդասիրական եւ մշակութային գործունէութիւնը եւ նշած է, որ հիմնադրամը իւրատեսակ կամուրջ է հայ- փորթուկալական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։

Հայաստանի եւ Փորթուկալի նախագահները մտքեր փոխանակած են փոխգործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններու շուրջ։ Անոնք համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները յաջող գործընկերներ կրնան ըլլալ կրթութեան, գիտութեան եւ նորագոյն գիտարուեստներու ոլորտներէն ներս։

Անդրադառնալով Փորթուկալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման ծրագրին՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան այս ոլորտէն ներս ունի մեծ գիտական ներուժ։

Իբրեւ համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւն՝ զրուցակիցները առանձնացուցած են նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտը։ Նշելով, որ Հայաստանէն աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կրնան այցելել Փորթուկալ եւ աւելի մեծ թիւով փորթուկալացիներ կրնան գալ եւ բացայայտել Հայաստանը՝ կողմերը կարեւորած են երկու երկրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան բարելաւման խնդիրը եւ հնարաւորութիւններու ուսումնասիրումը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Փորթուկալի նախագահը հրաւիրած է Հայաստան պաշտօնական այցի։

Իր հերթին նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզան նոյնպէս Հայաստանի իր գործընկերը հրաւիրած է Փորթուկալ պաշտօնական այցի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին