«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահական պալատի որոշ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Նախագահ Աուն ժամեր առաջ զինուած է լաւատեսութեամբ եւ հանգստութեամբ՝ գալիք օրերու եւ Լիբանանի ապագայի նկատմամբ։ Ան հաստատած է, որ բոլոր խնդիրները տարբեր մակարդակներու վրայ կը կարգաւորուին։ Նախագահը անձամբ կը ղեկավարէ, կը հսկէ եւ կը տնօրինէ բարեփոխումները եւ միաժամանակ կը նշէ, որ բնականաբար անոնք մէկ օրուան ընթացքին կամ կոճակի մը հպումով չեն իրականանար, այդ բոլորը ժամանակի կը կարօտի՝ ամիսներու նոյնիսկ տարիներու, որպէսզի կարենան արմատախիլ ընել այն փտտածութիւնը, որ բոյն դրած է նախարարութիւններու, պետական գերատեսչութիւններու եւ դատական համակարգի մէջ։
Աղբիւրի համաձայն Նախագահի այս հանգստութեան հիմքը այն է, որ ան լուրեր ստացած է ներքին եւ արտաքին ֆինանսական աջակցութեան մասին։ Նախագահի խօսքով բարեփոխումներու շուրջ միաւորուածներու խօսքն ու միասնականութիւնը հրաշքներ կրնայ գործել եւ ոեւէ մէկը չի կրնար խոչընդոտել այդ ընթացքը։






