«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր տնօրէնութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը յայտարարեց, որ 10/4/2019 թ. առաւօտեան ժամը 11: 00-ին, Լիբանանի խորհրդարանի շէնքէն ներս պիտի գումարուի կառավարութեան հարց ու պատասխանի նիստը, որուն համար պիտի կատարուին երթեւեկութեան հետեւալ կարգադրութիւնները.
Ալմասարէֆ փողոցի ամբողջական փակում՝ նիստի գումարման ողջ ժամանակի ընթացքին, սկսեալ վերոյիշեալ թուականի առաւօտեան ժամը 7.00-էն մինչեւ նիստի աւարտը:
Յարգելի քաղաքացիներէն կը խնդրուի, տեղեկանալ եւ հետեւիլ ներքին անվտանգութեան ուժերու ցուցումներուն, ինչպէս նաեւ ուղղութիւն ցոյց տուող ազդանշաններուն, որոնք տեղադրուած են ամէն տեղ՝ երթեւեկութիւնը դիւրացնելու եւ խճողումէն զերծ պահելու համար։






