Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Նախարարաց Խորհուրդի Նիստին Քննարկուեցաւ Ելեկտրականութեան Ծրագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ Ապրիլ 8-ին նախագահ Միշէլ Աունի գլխաւորած նիստին նախարարաց խորհուրդը քննարկեց ելեկտրականութեան ոլորտի ծրագիրը:
Յիշեցնենք, որ անցնող ամիս Լիբանանի Հանրապետութեան ուժաբանութեան նախարար Նատա Պուսթանի ծրագիրը ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին, որմէ ետք զայն հաստատեց նախարարական յանձնաժողովը, որոշ դրոյթներ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք:
Ինչպէս կը տեղեկանանք նախագահական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, խօսքը ուղղելով նախարարներուն՝ Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն ընդգծեց ծրագիրը ուսումնասիրելու եւ հնարաւորինս շուտ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Կարճաժամկէտային առումով ծրագիրը կը նպատակադրէ 34 – 11 տոկոս կորուստներու նուազում, ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացում եւ նաւթի գինի հետ յարմարեցում, որպէսզի նաւթի գինը յանկարծ աճ արձանագրելու պարագային, Electricité du Liban-ը անգամ մը եւս չյանգի պակասորդի:
Երկարաժամկէտային առումով ծրագիրը յառաջիկայ վեց տարիներուն կը նախատեսէ խթանել ելեկտրականութեան արտադրութիւնը աւելի քան 3000 մէկաուաթ հզօրութեամբ՝ օգտագործելով նորոգելի ուժանիւթ եւ արդիական ելեկտրակայաններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին