«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ Ապրիլ 8-ին նախագահ Միշէլ Աունի գլխաւորած նիստին նախարարաց խորհուրդը քննարկեց ելեկտրականութեան ոլորտի ծրագիրը:
Յիշեցնենք, որ անցնող ամիս Լիբանանի Հանրապետութեան ուժաբանութեան նախարար Նատա Պուսթանի ծրագիրը ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին, որմէ ետք զայն հաստատեց նախարարական յանձնաժողովը, որոշ դրոյթներ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք:
Ինչպէս կը տեղեկանանք նախագահական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, խօսքը ուղղելով նախարարներուն՝ Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն ընդգծեց ծրագիրը ուսումնասիրելու եւ հնարաւորինս շուտ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Կարճաժամկէտային առումով ծրագիրը կը նպատակադրէ 34 – 11 տոկոս կորուստներու նուազում, ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացում եւ նաւթի գինի հետ յարմարեցում, որպէսզի նաւթի գինը յանկարծ աճ արձանագրելու պարագային, Electricité du Liban-ը անգամ մը եւս չյանգի պակասորդի:
Երկարաժամկէտային առումով ծրագիրը յառաջիկայ վեց տարիներուն կը նախատեսէ խթանել ելեկտրականութեան արտադրութիւնը աւելի քան 3000 մէկաուաթ հզօրութեամբ՝ օգտագործելով նորոգելի ուժանիւթ եւ արդիական ելեկտրակայաններ:






