Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Սուրիացի Գաղթականութեան Հայրենադարձութեան Կարեւորութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի վերահաստատեց սուրիական վարչակարգին հետ գործակցաբար սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն ձեռնամուխ ըլլալու կարեւորութիւնը: Այս մասին իրազեկ կը դառնանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած տեղեկագրութենէն:
«Մենք այլեւս ի վիճակի չենք տանելու այս վիճակը: Սուրիական վարչակարգին հետ այս հարցի լուծումին շուրջ գործակցութիւնը հրամայական է»,– ըսաւ Պըրրի: Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը Քաթարի Պետութիւն ժամանեց Շաբաթ՝ մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան 140-րդ համագումարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին