Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հնդկաստանի Մէջ Վերականգնուած է 300 Տարուան Հայկական Ցուցանակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վերջերս Հնդկաստանի Սայտապետ քաղաքին մէջ վերականգնուած է 300 տարեկան հայկական ցուցանակը, այս մասին կը հաղորդէ The Times of India-ն:

Ցուցանակը, որ կը յիշատակէ 1726-ի Մարմալոնգ կամուրջի կառուցումը Այտար գետի վրայ` հայ վաճառական, Մատրասի մէջ հայ համայնքի առաջնորդ Խոճա Պետրոս Ոսկանի կողմէ, յայտնուած էր գետնի տակ: Սակայն այժմ, Հայաստանի հիւպատոսարանը, քաղաքի ղեկավարութեան հետ համատեղ ջանքերով, կրցած է վերականգնել զայն իր նախնական տեղը:

«Փետրուարին 20 հոգինոց խումբ մը այցելած է քաղաք ու տեսած ցուցանակը»,-ըսած է Չեննայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշւարան ու նշած, որ ցուցանակը գրեթէ անցած էր գետնի տակ:

Նախորդ շաբաթ արդէն ցուցանակը վերականգնուած է` վերամբարձ կռունկի միջոցով: Կը նշուի, որ ցուցանակը պաշտօնապէս պիտի բացուի Մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին